Տաւութօղլուի Յայտարարութիւնը Մէկ Մասն Է Թրքական Քաղաքականութեան

ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան «Երկիրն Այսօր»ին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին յայտնած է, որ Թուրքիոյ վարչապետ Ահմետ Տաւութօղլուի վերջերս հայերուն ուղղած ուղերձը պէտք է դիտարկել ոչ թէ առանձին, այլ որպէս բաժին մը ընդհանուր քաղաքականութեան, զոր 100ամեակի շեմին հայութեան նախաձեռնութիւններուն հակազդելու համար ծրագրած է Թուրքիան։ Անոր համաձայն՝ հակառակ Տաւութօղլուի մեղմ եւ յառաջդիմական երեւելու բոլոր ջանքերուն, անոր յայտարարութեան ետին բազմաթիւ այլ իրողութիւններ պահուած են։
Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր տնօրէն Արամ Համբարեան՝ պատասխանելով թղթակիցին այն հարցումին, թէ այդ յայտարարութեան ինչպէ՞ս արձագանգած են ամերիկեան քաղաքական շրջանակները՝ ըսած է, որ Միացեալ Նահանգներու մէջ կը գիտակցին, որ ատով Տաւութօղլուն նոր ձեւով կը մերժէ Հայոց Ցեղասպանութիւնը։ «Տաւութօղլուն չ՛ըսեր, որ պէտք է ներում հայցենք Ցեղասպանութեան համար, վերադարձնենք այն, ինչ Թուրքիան գողցած է: Միայն կ՛ըսէ, որ մենք պէտք է այս խնդիրը անցեալին մէջ ձգենք, իսկ ատիկա արդար չէ, եւ նման բան պէտք չէ ըլլայ», յայտարարած է Համբարեան՝ նշելով, որ ճիշդը այդ խօսքերուն վրայ միայն ծիծաղիլն է:

 

«Վստահ եմ, որ թուրքերը պիտի փորձեն ամէն ինչ ընել, որպէսզի Միացեալ Նահանգներու եւ աշխարհի միւս երկիրներու իշխանութիւնները հաւատան, որ հայերն ու թուրքերը երկխօսութեան մէջ են, եւ կրնան այս խնդիրները միասին լուծել: Բայց ատիկա սուտ է: Ցեղասպանութիւնը ոչ թէ հայերուն եւ թուրքերուն, այլեւ ամբողջ աշխարհին հարցն է: Ասիկա պատերազմ չէր, ոճիր էր, եւ միայն արդարութիւնը կրնայ ուղղել այդ սխալը», դիտել տուած է Արամ Համբարեան:

«Թող ներուի մեզի, որ կասկածի տակ կ՛առնենք այս բոլորին անկեղծութիւնը, որովհետեւ Թուրքիոյ մէջ որեւէ ձեւով իսկական բարեկամութիւն չի կրնար ըլլալ, եթէ իշխանութիւնը չընդունի Ցեղասպանութեան փաստը եւ անոր հետեւանքերու վերացման համար աշխատանք չտանի», ընդգծած է Յակոբ Տէր Խաչատուրեան:

Scroll Up