Տիգրան Սարգսեան Եւ Շիֆ Քննած Են Տարածաշրջանի Իրավիճակը

«Արցախփրէս».- Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ, տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապի վարչութեան փոխանցմամբ՝ Ամերիկայի մօտ ՀՀ դեսպան Տիգրան Սարգսեան եւ քոնկրեսական Էտըմ Շիֆ անդրադարձած են Քոնկրեսի Հայկական համախմբումի օրակարգի հարցերուն: Դեսպան Սարգսեան գնահատած է Շիֆի անձնական դերակատարութիւնը՝ Հայաստանին եւ հայ ժողովուրդին վերաբերող հարցերը ամերիկեան քաղաքական օրակարգին վրայ բարձր պահելու ուղղութեամբ: Իր կարգին, Շիֆ վերահաստատած է իր յանձնառութիւնը:

Կողմերը քննարկած են տարածաշրջանի իրավիճակը, մասնաւորապէս՝ Արցախ-Ատրպէյճան զինուած ուժերու շփման գիծին վրայ եւ Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանի երկայնքով լարուածութեան աճը: Շիֆ ընդգծած է տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան եւ կայունութեան պահպանման ուղղութեամբ ջանքերու գործադրման անհրաժեշտութիւնը:

Հանդիպման ընթացքին խօսուած է նաեւ ամերիկեան ներդրումներու ներգրաւման հարցը՝ շեշտելով տեղեկատուական արհեստագիտութեան բնագաւառէն ներս գործակցութեան կարեւորութիւնը։

Շիֆի խնդրանքով, դեսպանը անդրադարձած է Հայաստանի՝ Եւրասիական տնտեսական միութեան անդամակցութեան եւ ներկայացուցած է նաեւ Հայկական Ցեղասպանութեան 100ամեակին նուիրուած միջոցառումներու նախապատրաստական աշխատանքները։

Scroll Up