Բանակի 23-րդ Տարեդարձին Առիթով Ս. Պատարագ եւ Պարգեւաբաշխութիւն Մայր Աթոռի Մէջ

Յունուար 25-ին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի մէջ, հանդիսապետութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի եւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսի, Հայոց Բանակի կազմաւորման 23-րդ տարեդարձին առիթով մատուցուած է Սուրբ Պատարագ: Պատարագիչն էր ՀՀ ԶՈՒ հոգեւոր առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Վրթանէս եպիսկոպոս Աբրահամեան: Այս մասին կը հաղորդեն Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինէն:
Արարողութեան ներկայ եղած են ՀՀ պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեանը, ՀՀ ԶՈՒ ԳՇ պետ, զօրավար-գնդապետ Եուրի Խաչատուրովը, ԼՂՀ Պաշտպանութեան նախարար, զօրավար-հրամանատար Մովսէս Յակոբեանը, ՀՀ ԶՈՒ բարձրագոյն սպայական կազմը, Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան նախագահ Պերճ Սեդրակեանը, Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ թեմակալ առաջնորդներ, Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի բարերարներ, զօրամասերու հոգեւոր սպասաւորներ եւ զինուորներ:
Իր խօսքին մէջ Սրբազանը անդրադարձած է նաեւ հայ ազգի նուիրեալ մարտիկներու մարտիրոսութեան` առ Աստուած աղօթք հայցելով, որ մարտի դաշտին մէջ եւ անկայուն խաղաղութեան ընթացքին թշնամիի դաւադիր գնդակէն իյնկած հայ զինուորներու շիրիմներուն երկնային խաղաղութիւն իջնէ, եւ Բարձրեալի ամենափրկիչ Աջը միշտ սատար կանգնի Հայոց Բանակին ու հայ զինուորին` անառիկ պահելու Հայոց աշխարհի սահմանները:
Ս. Պատարագի ընթացքին՝՝ հանդիսապետութեամբ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսի՝ կատարուած է Հանրապետական մաղթանք, որուն ժամանակ ներկաները աղօթք բարձրացուցած են Հայրենիքի եւ Հայոց Բանակի անսասանութեան համար:
Պատարագի Սրբազան արարողութեան աւարտին կատարուած է նաեւ հոգեհանգստեան կարգ` Հայրենիքի պաշտպանութեան համար նահատակուած բոլոր քաջարի զինուորներուն համար:
Այնուհետեւ Գէորգեան հոգեւոր ճեմարանի հանդիսութիւններու դահլիճին մէջ տեղի ունեցած է նաեւ պաշտօնական ընդունելութիւն, որուն ընթացքին Գարեգին Բ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը իր գնահատանքի եւ օրհնութեան խօսքը ուղղած է ներկաներուն` հրաւիրելով ամէնքը աղօթք բարձրացնելու առ Աստուած զինուորական ծառայողներու համար, որոնք երբեմն իրենց կեանքի գնով անառիկ կը պահեն մեր հայրենիքի սահմանները:
Վեհափառ Հայրապետը ՀՀ զինուած ուժերու սպասաւորներուն մաղթած է յաջողութիւններ իրենց դժուարին ծառայութեան մէջ եւ, որ Տէրը յաղթական պահէ հայ զինուորի բազուկը` ի փառս մեր ժողովուրդի:
Ներկաներուն իր օրհնութեան խօսքը յղած է նաեւ Արամ Ա Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսը, որ մասնաւորապէս ընդգծած է, որ բանակը մեր լուսեղէն ապագայի երաշխիքն է, դարեդար Հայոց Եկեղեցին եւ Հայոց Բանակը գործած են միահամուռ` ուս-ուսի տուած, եւ այդտեղ ալ կը կայանայ մեր ազգի հզօրութիւնը:
Իր խօսքին մէջ ՀՀ Պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան շնորհակալութիւն յայտնած է Հայոց Եկեղեցիին եւ անոր սպասաւորներուն մշտապէս բանակի կողքին ըլլալու համար: Նախարարը նշած է, որ շարքային զինուորէն մինչեւ հրամանատար հայրենիքի սահմանները պաշտպանելու ժամանակ կը գործեն անձնուիրաբար:
Այնուհետեւ, ի գնահատութիւն Հայրենիքին ու հաւատաւոր ժողովուրդին մատուցած ծառայութիւններու, Հայրապետական Սրբատառ կոնդակի ընթերցումէն յետոյ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը Հայ Եկեղեցւոյ «սուրբ Ներսէս Շնորհալի» պատուոյ բարձր շքանշանով պարգեւատրած է զօրավար-հրամանատարներ Կամօ Քոչունցը, Անդրանիկ Մակարեանը, Իշխան Մաթեւոսեանը, Արմէն Ղահրամանեանը եւ գնդապետ Գէորգ Մելքոնեանը:
ՀՀ Պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեանի հրամանով զինուորական ծառայողներու հոգեւոր դաստիարակութեան գործին մէջ ներդրած զգալի աւանդին համար, ինչպէս նաեւ ՀՀ ԶՈՒ կազմաւորման 23-րդ տարեդարձին առիթով, Տաւուշի թեմի առաջնորդ Տ. Եզնիկ արքեպիսկոպոս Պետրոսեանը, Կոտայքի թեմի առաջնորդ Տ. Առաքէլ արքեպիսկոպոս Քարամեանը, Ռուսաստանի եւ Նոր Նախիջեւանի հայոց թեմի առաջնորդ Տ. Եզրաս արքեպիսկոպոս Ներսիսեանը, Շիրակի թեմի առաջնորդ Տ. Միքայէլ եպիսկոպոս Աջապահեանը եւ Գեղարքունեաց թեմի առաջնորդ Տ. Մարկոս եպիսկոպոս Յովհաննիսեանը պարգեւատրուած են «Անդրանիկ Օզանեան» մետալով: