Վէյք ան Զէ. Արոնեան Այս Անգամ Բաւարարուեցաւ Համեստ Արդիւնքով
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2015/01/Շախմատ.jpg)
Աւարտեց Վէյք ան Զէյի -ճատրակի գերմրցաշարը: Անցեալ տարուան մրցաշարի յաղթող’ Լեւոն Արոնեան այս տարի խաղաղասիրաբար տրամադրուած էր: Մեր ուժեղագոյն շախմատիստը պարտուեցաւ 3 անգամ, յաղթեց մէկուն, մնացած միւս խաղերը աւարտեց ոչ ոքի, արդիւնքով 10-րդ հորիզոնական: Այս մասին կը գրէ «Նիտերլանտական Օրագիր»-ը:
Երկրորդ խումբին մէջ ԱՄՆ-ը ներկայացնող ազգութեամբ հայ 15-ամեայ Սամուէլ Սեւեան աւելի յաջող հանդէս եկաւ: Ան գրաւեց մրցաշարի 6-րդ հորիզոնականը: Հայ մարզիկը տօնեց 5 յաղթանակ, նոյնքան աւարտեց ոչ ոքի եւ պարտուեցաւ երեքի մէջ: Այսպիսով աշխարհի ամենաերիտասարդ գոյսմաստերներէն մէկը համարուող մեր հայրենակիցը բարելաւելով սեփական վարկանիշային ցուցանիշերը: