Արամ Ա. Կաթողիկոս Ժամանած է Հայաստան
Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս ժամանած է Հայաստան։
Այստեղ կեցութեան ընթացքին Նորին Սրբութիւնը պիտի մասնակցի Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակի նշման Կեդրոնական Յանձնախումբի ժողովին, ինչպէս նաեւ երկու Վեհափառ Հայրապետները պիտի նախագահեն Հայոց Ցեղասպանութեան նահատակներու Սրբադասման Յանձնախումբի ժողովը։