Առաջ­նորդին հո­վուա­կան այ­ցե­լու­թիւնը Մար­սի­լիոյ ՄԷջ

Ֆրան­սա­հայ Թե­մի նո­րըն­տիր Առաջ­նորդ Վա­հան Եպիսկ. Յով­հաննէ­սեան Մար­սի­լիոյ իր անդրա­նիկ այ­ցե­լու­թիւնը տուաւ ամ­սոյս 16էն 19ը։ Նա­խապէս ծրագ­րո­ւած էր, որ Սրբա­զանը Ուրբաթ եւ Շա­բաթ օրե­րուն այ­ցե­լէ շրջա­նի 8 եկե­ղեցի­ները, ծա­նօթա­նայ անոնց։ Բայց սպան­նուած հայ պա­տանիին թա­ղումն ու յա­ջորդ օրուան ցոյ­ցը ջու­րը ձգեցին այդ ծրա­գիրը եւ Վա­հան Սրբա­զան գո­հացաւ միայն կեդ­րո­նի Սրբոց Թարգման­չաց եկե­ղեցիով, ուր Շա­բաթ երե­կոյեան ժա­մը 18ին Հրա­շափա­ռով «պաշ­տօ­նապէս» մուտք գոր­ծեց։ Ար­դա­րեւ, բա­ւական բազ­մութիւն հա­ւաքուած էր հոն, եւ ոմանք կը սպա­սէին – թե­րեւս միամ­տօ­րէն – որ Շա­բաթ իրի­կուն ըլ­լա­լով կը կա­տարուի Կի­րակ­նա­մու­տի ժա­մեր­գութիւն, կ՚եր­գուի հո­գեպա­րար Լոյս Զուար­թը որ­մէ զուրկ ենք… տաս­նա­մեակ­նե­րէ ի վեր։ Եւ Սրբա­զանին ներ­կա­յու­թիւնը առիթ կ՚ըլ­լայ ծի­սական քի­չիկ մը նա­խան­ձախնդրու­թեան։ Ի զուր…։ Շատ կարճ տե­ւող արա­րողու­թե­նէ մը վերջ – հա­զիւ վեց վայրկեան – Վա­հան Սրբա­զան խօ­սեցաւ կարճ ու­ղերձ մը շեշ­տե­լով որ եկե­ղե­ցին միայն շէն­քը չէ, այլ ժո­ղովուրդը՝ էկլէ­զիան, կոչ ընե­լով անոր, իր ներ­կա­յու­թեամբ կեն­դա­նի պա­հելու հայ եկե­ղեցին։

Կի­րակի առա­ւօտ Սրբա­զանը պա­տա­րա­գեց եւ քա­րո­զեց լե­ցուն եկե­ղեցիի մը մէջ (ուր սա­կայն չենք կրնար ըսել որ՝ ասեղ ձգե­լու տեղ չկար)։ Իր պատ­գա­մը տա­լէ առաջ ող­ջունեց Տա­րօն Եպիսկ. Ճէ­րէճեանի եւ Ասա­տու­րեան ըն­տա­նիքի ներ­կա­յու­թիւնը հա­կառակ իրենց ծանր սու­գին։ Ծան­րա­ցաւ 2015ին ալ հայ ժո­ղովուրդի դի­մագ­րա­ւելիք մար­տահրա­ւէր­նե­րուն վրայ եւ հրա­ւէր կար­դաց այս 100ամեակի տա­րւոյն մէկ­դի ձգե­լու անձնա­կան կամ հա­տուա­ծական ամէն հա­շիւ­, մի­միայն հե­տապնդե­լու հա­մար հա­մազ­գա­յին նպա­տակ­ներ։ Յի­շեց, որ յա­ջորդ օր Հրանդ Տին­քի սպա­նու­թեան 8րդ տա­րելիցն է, եւ յա­­ւարտ պա­տա­րա­գի հո­գեհանգստ­եան պաշ­տօն կա­տարեց անոր հոգ­ւոյն խա­ղաղու­թեան հա­մար։
Այ­նուհե­տեւ եկե­ղեց­ւոյ «Ջրբա­շեան» սրա­հին մէջ ըն­դունե­լու­թիւն տրուեցաւ ի պա­տիւ նո­րըն­տիր Առաջ­­նորդին։

Եր­կուշաբ­թի Յու­նուար 19ի երե­կոյեան ժա­մը 19ին, նկա­տի առ­նե­լով Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան 100ամեակը, այս տա­րի Քրիս­տո­նեանե­րու միու­թեան հա­մար աղօթ­քի շա­բաթը սկսաւ Հայ Առա­քելա­կան եկե­ղեցիէն, Վա­հան Եպիսկ. Յով­հաննէ­սեանի նա­խագա­հու­թեամբ։ Սրբոց Թարգման­չաց եկե­ղեցին լեփ-լե­ցուն էր, աւե­լի բազ­մա­մարդ քան Կի­րակի առա­ւօտ։ Բայց ո՞վ կրնայ ըսել այդ բազ­մութեան քա­նի՞ տո­կոսը կը կազ­մէին (80.000…???) Հա­յու­թեան ներ­կա­յացու­ցիչնե­րը։ Մար­սի­լիոյ բո­լոր քրիս­տո­նեայ եկե­ղեցի­ները, յա­րանուանու­թիւննե­րը հոն էին, գլխա­ւորու­թեամբ իրենց հո­գեւոր պե­տերուն, սկսե­լով Լա­տին եկե­ղեց­ւոյ ար­քե­պիս­կո­պոս Գեր. Ժորժ Փոն­թիէէն, որ եկած էր իր օգ­նա­կան եպիս­կո­պոսին հետ։ Հոն էին հայ Կա­թողի­կէն ու Աւե­տարա­նակա­նը, Ասո­րին ու Ղպտին, Մա­րոնին, Յոյն ուղղա­փառն ու Մել­քի­թը, Մկրտչա­կանը եւ այլն։ Որ­քան մաղ­թե­լի պի­տի ըլ­լար որ երբ եկե­ղեցա­կան այդ խայ­տաբղէտ բայց պատ­կա­ռելի թա­փօրը եկե­ղեցի մտաւ Հրա­շափա­ռը կամ Հայ եկե­ղեց­ւոյ ցնծա­գին շա­րական­նե­րէն մէ­կը հնչէր, զորս սքան­չե­լի կեր­պով պի­տի մեկ­նա­բանէր Սա­հակ-Մես­րոպ երգչա­խումբը, մինչ կար­ծէք Հայ եկե­ղեցին բա­ցակայ էր իր կա­մար­նե­րուն տա­կէն, հա­կառակ իր ամ­բողջ կղե­րին ներ­կա­յու­թեան։ Ոչ դպրաց դաս, ոչ սար­կա­ւագ­ներ, մինչ ղպտի քա­հանան իր եր­կար շա­րակա­նը եր­գեց, ծնծղայ զար­նող եր­կու երի­տասարդ սար­կա­ւագ­նե­րու ըն­կե­րակ­ցութեամբ…։ Չենք գի­տեր՝ ո՞վ էր Հայ եկե­ղեց­ւոյ բա­ցակա­յու­թիւնը ըն­դունո­ղը յայ­տագրի կազ­մութեան ժա­մա­նակ…։ Եկե­ղեցա­կա՞ն թէ աշ­խար­հա­կան։
Աղօթ­քի ժամը սկսաւ Վա­հան Սրբա­զանի ֆրան­սե­րէնի բա­րի գա­լուստի խօս­քով, որու պա­տաս­խա­նեց Կա­թոլիկ ար­քե­պիս­կո­պոսը իր կար­գին ող­ջունե­լով Վա­հան Սրբա­զանը որ­պէս Ֆրան­սա­յի Հայ Առա­քելա­կան եկե­ղեց­ւոյ Առաջ­նորդ։ Իրա­րու յա­ջոր­դող Սուրբգրա­կան ըն­թերցա­նու­թիւննե­րը ընդհա­տող ելոյթնե­րու ըն­թացքին շա­տեր անդ­րա­դար­ձան Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան որ ցայ­սօր կը մնայ ան­պա­տիժ ու ոչ բո­լորէն ճանչցուած իբր այդ։

Աշ­խարհա­կան բազ­մա­թիւ անձնա­ւորու­թիւններ ներ­կայ էին այս արա­րողու­թեան, որոնց մէջ նշմա­րեցինք քա­ղաքա­պետի առա­ջին կցորդ երես­փո­խան Տո­մինիք Թիանի կցորդ Տի­տիէ Բա­րաքեանի, քա­ղաքիս 5րդ շրջա­նի (9րդ եւ 10րդ) թա­ղամա­սերու նոր թա­ղապետ Լիոնէլ Ռուայէ-Փէ­րոյի, Յու­նաստա­նի հիւ­պա­տոսի եւ Հա­յաս­տա­նի փոխ-հիւ­պա­տոս Սա­մուէլ Լա­լայեանի ներ­կա­յու­թիւննե­րը։

Յա­ւարտ արա­րողու­թեան, Սրբոց Թարգման­չաց ծխա­կան խոր­հուրդը օտար հիւ­րե­րը պա­տուեց հայ­կա­կան հա­մադամ­նե­րով ըն­դունե­լու­թեամբ մը, եկե­ղեց­ւոյ «Ջրբաշեան» սրահին մէջ։

Ս.Պ.

«Նոր Յառաջ»

Scroll Up