Տունդարձի երկար ճամբան…

Հօրենական մեծ հայրս՝ Տօքթ. Աւետիս Ճէպէճեան՝Այնթապի ծնունդ, մահացած է իմ ծնունդէս առաջ։Այս իմաստով՝ առիթը չեմ ունեցած հանդիպելու եւ ճանչնալու զինք։ Բայց շատ բան տեղեկացած եմ իր մասին մեծ մօրմէս ու տակաւին հօրմէս եւ ընտանիքէս…։ Եւ նկատի ունենալով որ իր բժշկական ասպարէզին հետ՝ նաեւ ունեցած էր հասարակական, ազգային, եկեղեցական ու գրական-հարապարակագրական բազմաթիւ աշխատանք, ծանօթացած էի իրեն այդ միչոցաւ ալ։ Կարդացած եմ իր գրութիւններէն եւ կրցած եմ հասկնալ իր հետաքրքրութիւնները…։ Բայց այն ինչ որ ուշագրաւ էր իր ետին ձգած աշխատանքներուն մէջ իր յուշագրութիւններն էն՝ գրուած 1914-1919 թուականներուն միչեւ՝ եւ հայատառ թրքերէնով…։

Աւետիս Ճէպէճեան աւարտած էր Սուրիական Բողոքական Գոլէճը ( այժմ Ամերիկեան Համալսարան Պէյրութ-Լիբանան) բժշկական ճիւղը՝ 1903 թուականին։ Առաջին Աշխարհամարտին ծառայած էր Օսմանեան բանակին մէջ որպէս սպայ-բժիշկապետ։ Պատերազմի ընթացքին ան ղրկուած էր տարբեր «ճակատներ» ՝ Օսմանեան բանակին հետ…։ Իր օրագրութիւնները՝ գրուած Օսմանեան բանակի մէջ իր զինուորական ծառայութեան ժամանակ՝1986 թուականին թարգմանուած էր Հայերէնի եւ հրատարակուած Պէյրութ։

Յուշագրութիւններ շատ էն եւ մանաւանդ Հայկական Ցեղասպանութեան հետ առնչուած։ Սակայն այն ինչ որ կրնայ իւրայատուկ ըլլալ այս պարագային, որ այս յուշագրութիւնը կուգայ Օսմանեան բանակի մէջ ծառայած հայ սպայի մը կողմէ, որ երբեք «դասալիք» չեղաւ՝ նոյնիսկ երբ «… անախորժութիւններ եղան՝ հայ ըլլալուս պատճառով» (Յուլիս 16-29, 1917 Փերվերլի)։

Օրագրութիւնը սկսած էր 3 Նոյեմբերի 1914ին՝ եւ վերջին յուշը եղած է Դեկտեմբերի 1919ին։ Եւ յուշերը այլազան էն…։ Եթէ մէկ կողմէ կայ գեղեցիկ նկարագրութիւնը Արեւմտահայաստանի տարբեր քաղաքներուն մասին՝ բայց նաեւ յուզում, ցաւ, կարօտ, վախ ու ողբերգութիւն…։ Եւ այս հոգեկան ներաշխարհի վրայ կուգայ աւելնալու պարտականութեան եւ պատասխանատուութեան գիտակցութիւնը՝ եւ զինուորականի ու բժշկական առաքելութեան նկատմամբ իր ուխտը…։

Եւ միայն զինադադարէն ետք է՝ եւ ինչպէս ինք կ՛ըսէ՝ «… այսօր զինացրուեցայ…գիշերը չկրցայ քնանալ» ( Նոյեմբեր10-15, 1918Վան) ուր կը սկսի Աւետիս Ճէպէճեանի « տունդարձի երկար ճամբան…»։

Բայց մինչեւ այդ՝ կայ Աւետիս Ճէպէճեանի՝ հայուն՝ ապրած երկար, տառապալի ու մինակ կեանքը…։ Իր ընտանիքէն հեռու՝նոյնքան լեցուած իրենց կարօտով եւ իր ժողովուրդին ապրած ողբերգութեան ցաւով,ան պիտի հասնէր տուն…։

Աւետիս Ճէպէճեան կը սիրէ բնութիւնը եւ անոր գեղեցկութիւնը…։ Չաթալճա…։ « Ինչ հաճելի մարգագետիններ ու ամէն տեղ դալար, կանաչ սարեր։ Ռումելին (Պոլսոյ արեւմուտքը) դրախտ մըն է եղեր…» ( Սիլիվրի Նոյեմբեր 5, 1914)։ Եւ կը հիանայ Արարատլերանը…։ « Մասիսն ու Արարատը եզակի հմայիչ տեսարան մը կը գոյացնեն։ Շատ հաճելի զգացումներու տուն կուտան ինձ մօտ։ Աննման, շքեղ ու օգոստափառ լեռ մըն է Արարատը (Նոյեմբեր 5,1914)։

Բայց այդ գեղեցիկ տարածաշրջաններուն մէջ ապրած է նաեւ պատերազմին «տգեղութիւնը»…։ Եւ այդ տգեղութիւնը նկարագրած է մանրամասնութեամբ։ «… շատ ցաւալի տեսարաններ՝ մարդու գանկերով, թեւերու եւ սրունքներու ոսկորներով լեցուն ամէն կողմ։ Շրափնելի փամփուշտի կտորներ, վրանի մնացորդներ, կօշիկի կտորներ ամէն տեղ…»(Դեկտեմբեր1,1914, Նագգաշ)։Չանագ գալէի պատերազմը կը նկարագրէ իր ամբողջութեամբը՝ սկսելով Ապրիլ 18,1915 էն…։ « Կէսօրէ ետք ճամը չորսին, ահա եւ թշնամի օդանաւ մը, որ գիշատիչ թռչունի նման մեր վրայ կը սաւառնի։ Յանկարծ ամէն կողմէ կրակ բացուեցաւ իմ վրայ, սակայն չկրցան դպչիլ.օդանաւը անդադար կը պտըտէր…»։ Բայց առկայ էր նաեւ այդ պատերազմի մէջ իր տոկալու հաւատքը։ « Այս առաւօտ հաղորդուեցաւ թէ Ագպաշի բժշկական առաջին կայանին նշանակուած եմ։ Հիւանդանոցներէն ելլելով պէտք է հաստատուիմ ռումբ եւ թօրփիլներ տեղացող այս վայրը։ Աստուծոյ կ՚ապաւինիմ հոս զիս պաշտպանելու համար» (Օգոստոս 26, 1915 Ագպաշ)։

Եւ չուշանար բժշկական իր առաքելութիւնները՝ եւ այդ առաքելութեան մէջ ապրուած «գունաւոր» օրերը…։«Մեր բանակայիններուն մօտ շատ բարձրթիւով մալարիայի տենդ կայ։ Գործս շատ է։ ( Օգոստոս 9-10,1915 Գալէ)։ « 11,000 վիրաւոր եկած էր եւ անոնց վէրքերը դարմանելու ատեն չկայ. Զբաղած ենք միայն նաւ բարձրացնելով ուղարկելու համար։ Տեսնենք ինչ՞ պիտի պատահի»։ (Օգոստոս 11-12, 1915 Ագպաշ)։ «…այս գիշեր անքուն մնացի մինչեւ առաւօտ.այդքան որ շատ է գործը։ Այս տողերը կը գրեմ հսկայ հիւանդատար նաւու մը մէջ 2000 վիրաւորներով լեցուն։ Պատերազմը կրկին անգամ բռնկեցաւ ահաւոր սաստկութեամբ» ( Օգոստոս 14-15,1915 Ագպաշ)։

Եւ կարծէք չէր բաւեր պատերազմի արհաւիրքը՝ եւ Աւետիս Ճէպէճեան պիտի ապրէր նաեւ «հայուն»ը…։Եւ մէկ-մէկ պիտի նկարագրէ ապրուած «վիշտը»՝ մինչեւ որ՝ ինչպէս որ ինք կը՚սէ քանիցս՝ « …սիրտ չունեցայ օրագիրս շարունակելու»։

«12000 գաղթականներ անցան Մարաշի քովէն.անգութ, անհամար տեսարաններ ու նկարագրութիւններ.այդ պատճառով ալ սիրտ չունեցայ օրագիրս շարունակելու ( Մարաշ 11-20, Յունիս,1916)։ Ու կը հանդիպի հայու բեկորներու…։ « Խապուզէ հայկական գիւղը՝ ամբողջովին պարպուած…մնացած էին հինգ ընտանիքներ միայն, որոնց այցելեցի։ Երկրորդ հանգրուանը եղաւ Կլուշկերտ անուն ուրիշ հայ գիւղ մը։ Այս կողմերը հարիւրաւոր նման հայ գիւղեր կան, բոլորը դատարկ, բնակչութիւնը տեղահան։ Կլուշկերտէն ելլելով հասանք Բալուէն մէկ ու կէս ժամ հեռաւորութեան վրայ Խօշմաթ հայկական գիւղը, ուր սկսանք հաստատուիլ։ Երեք հարիւր տուն գիւղի մէջ մնացած էին չորս կամ հինգ ընտանիքներ։ Քիւրտ տարագիրներ փլած էին բոլոր տուները» ( Սեպտեմբեր 21-30, 1916 Խօշմաթ)։

Եւ Աւետիս պիտի դիմանար նաեւ տեսնելով «հայու ոսկորներ»…։ « …Այստեղ հասանք երեք օր առաջ։ Տիգրանակերտի հովիտը տարածուն է։ Ճամբան ականատես եղայ սիրտ ճմլող տեսարաններու.ամէն տեղ հայերու ոսկորներ…» ( Մարտ 31-Ապրիլ 5, 1917 Տիգրանակերտ)։

Աւետիս հեռուէն կ՚ապրի նաեւ իր հարազատներուն տառապանքը։ «…երէկ Վերապատուելի Տիգրան Գունտագճեանի (իր աներձակը-ՀՃ)վախճանումը լսելով շատ տխրեցայ» (Փետրուար 20-24, 1916 Պերգոս)։ Ու տակաւին…« …Նոյեմի քրոջս Սեպխա լեռը՝ Սուրիական անապատ քշուած եւ Գէորգ ու Կարապետ տղաներուն մահացած ըլլալը տեղեկանալով՝ շատ տխրեցայ (Ապրիլ 4-6,1916 Գըրլգ-քիլիսա)։

Բայց կայ նաեւ Աւետիսին մարդկային ներաշխարհը՝ եւ այդ ներաշխարհին ապրուած վերիվայրումները…։ « …Նոյեմբեր 11ին 40 տարեկան եղայ, վշտալի տարեդարձ։ Ալ տեսնենք, 41ը կը բոլորեմ՞ արդեօք.ուր՞ եւ ինչպէս՞…» ( Նոյեմբեր 11-13, 1916, Խօշմաթ)։ Բայց տան եւ ընտաիքի կարօտը՝ միշտ ալ յոյսով լեցուցած է զինք…։ « …զաւակներուս՝ Ռոպէրին եւ Վահէին նկարները ստանալով շատ ուրախացայ» (Մարտ 14-18, 1917 Խօշմաթ)։

Աւետիս Ճէպէճեանը հայն էր՝ որ գիտակից էր իր պաշտօնին եւ անոր նուիրուածութեանը…։ Պատերազմի ժամանակ երբ ռումբէ զարնուած ուտեստեղենի նաւը սկսաւ հրկիզուիլ՝ ոչ մէկ Թուրք զինուոր կը համարձակէր զայն մարել…։ Եւ Աւետիսն է դարձեալ…։« …Եղած բարձրութենէս վեր կանգնելով՝ զինուորներուն բացականչեցի, «Օն, արսլաններս, Վաթանին ծառայելու օրը այս է.օն, հրդեհը մարելու, օն»։ Ընկճուած զինուորները սիրտ առնելով վար խոյացան այդ ցից զառիթափէն՝ եւ սկսան կրակը մարել…» (Սեպտեմբեր 2-3, 1915 Ագմաշ)։

Եւ անպայմանօրէն կը սկսիս հարց տալ՝ թէ ինչպէս՞ կրնայ Թուրքը Հայը մեղադրել՝ որ ան դաւաճանած է եղեր պետութեան՝ իմմա «վաթանին»՝ Առաջին աշխարհամարտի ընթացքին…։ Բայց Աւետիս լաւ հասկցած էր Թուրքը…։ Ան չի վարանեցաւ իր յուշերուն մէջ յիշել թէ «…վայրագ ժողովուրդ է…» (Յուլիս 25-30, 1916 փերվերլի)։ Եւ ան յաճախ ապրեցաւ Թուրքին « …անախորժութիւններուն…հայ ըլլալուն պատճառով» (Յուլիս16-29, 1916 Փերվերլի)։

Աւետիս ապրեցաւ այս բոլորը՝ քանի ունէր հայուն «տան կարօտը»…։ Եւ չուզեց այդ «կարօտը» անկատար ձգել…։ «…Տունի մասին կը խորհիմ յարատեւ։ Երկու օրէն ճամբայ կ՚ելլեմ» (Նոյեմբեր 10-15, 1918 Վան)։

Եւ կը սկսի Աւետիսի «տունդարձի երկար ճամբան»…։ Եւ այդ երկար ճամբան՝ պիտի ընդգրկէր քառասուն օր ոտքով ճամբորդութիւնը…։ Եւ յոգնութիւնը պիտի չի խանգարէր որ ան նկարագրէր Վանը՝ « …լիճը, վարագայ եւ Սիփան լեռներով, շատ հաճելի տեսարան մը կը հայթայթէ»(Նոյեմբեր 15-20,1918 Վան)։ Եւ նաեւ նոյնինքն ոտքով ճամբորդելու արկածախնդրութիւնը…։ «…Վեց օրէ ոտքով կը ճամբորդենք.այսօր չափազանց յոգնած եմ։ Յարմար սնունդ չկայ։ Այսօր մեր չորս սայլերը ձիւնի մէջ խրեցան։ Ալ գայլեր, վոհմակներով…։ կեանքիս ամէնէն անմոռանալի օրերը կ՚անցնեմ։ Սակայն տուն վերադառնալու զգացումը փորձանքներս մոռցնել կուտան…» (Նոյեմբեր 28-30, 1918 Աղճաճ)։ Եւ դարձեալ հայկական գիւղերը…« …Պայազիտ հազար տուն հայ կայ եղեր, բայց բոլորը փախուստ տուեր են» ( Դեկտեմբեր 4-9, 1918 Պայազիտ)։ եւ կանցնի Գարա- Քիլիսայէն եւ նաեւ Ճելիքեանէն…։ « …Շրջանի բոլոր գիւղերը հայկական են, բայց դատարկ» (Դեկտեմբեր 19-21, 1918 Ճելիքեան)։

Աւետիս Ճէպէճեան վերջապէս կը հասնի Տրապիզոն։ Որմէ ետք ծովու ճամբով Պոլիս՝ եւ ի վերջոյ երկաթուղիով՝ Հալէպ…։

Հալէպի մէջ ան  « հանգիստ» չառնէր…։ Աւետիս իր բովանդակ կեանքը անցուց ցեղասպանութենէն ճողոպրած իր ժողովուրդին « վերապրումի» առաքելութեանը համար գործելով։ Բժշկական,հասարակական, ազգային-եկեղեցական թէ հրապարակագրային աշխուժ գործունէութիւն մը ունեցաւ՝ դառնալով Հաէպահայ գաղութի կազմակերպողներէն մին…։

Աւետիս Ճէպէճեան՝ չի յուսահատեցաւ թէ օր մը պիտի հասնէր «տուն»…։ Ան դասալիք ալ չեղաւ…։ Եւ տունդարձի երկար ճամբան բռնելով՝ ան հասաւ…։

Եւ այս Հայուն Սրբազան առաքելութիւնն է…։

«Տունդարձի» երկար ճամբուն մէջ՝ չի յուսահատիլ…։

Որովհետեւ՝ Հայը պիտի հասնի իր… «ՏՈՒՆ»ը։

 Դոկտ. Հրայր Ճէպէճեան

Scroll Up