Հակառակորդի Կրակոցէն Հայ Զինուոր Մը Նահատակուած Է

Երէկ ժամը 18:00-ի մօտ, ըստ նախնական տուեալներու, ՀՀ ՊՆ N զօրամասի մարտական յենակէտին մէջ, հակառակորդին կողմէ հրադադարը խախտելու հետեւանքով ստացած հրազէնային վնասուածքներէ զոհուած է պայմանագրային զինծառայող Արման Ուտումեանը:
Ըստ «Արմէնփրես-ի՝ ՀՀ պաշտպանութեան նախարարութեան տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութիւնը կը տեղեկացնէ, որ նախարարութիւնը կը կիսէ կորստեան ծանր վիշտը եւ իր զօրակցութիւն կը յայտնէ Արման Ուտումեանի ընտանիքի անդամներուն, հարազատներուն եւ ծառայակիցներուն: