Հայոց Ցեղասպանութեան Նուիրուած «1915» Շարժանկարի Անդրանիկ Ցուցադրութիւնը Տեղի Պիտի Ունենայ Ապրիլ 24-ին Լոս Անճելըսի Մէջ

Հայոց ցեղասպանութեան տարելիցին նուիրուած նոր` «1915» շարժանկարը այս տարուան գարնանը պիտի ներկայացուի հանրութեան:
Հոգեբանական զգայացունց շարժանկարի բեմադրիչն ու սենարի հեղինակներն են Կարին Յովհաննիսեան եւ Ալէք Մուհիպեան, իսկ ամերիկահայ ռոք երգիչ, երգահան, յայտնի «System of a Down» խումբի մենակատար Սերժ
Թանկեան շարժանկարի երաժշտութեան հեղինակն է:
«Արմէնփրէս»ի փոխանցմամբ` շարժանկարի պաշտօնական` 1915themovie.com կայքը կը տեղեկացնէ, որ «1915» հոգեբանական զգայացունց շարժանկարը կը ներկայացնէ ժամանակակից պատմութեան ամենասոսկալի իրադարձութիւնները: Շարժանկարը կը հետեւի մարդու մը վիճելի առաքելութեան, որ ցանկութիւն ունի կեանք
վերադարձնել մոռցուած ցեղասպանութեան ուրուականները:
«Մէկ դար անց` 2015 թուականի Ապրիլին, միլիոնաւոր հայեր կը յիշեն այն, ինչ կը կոչուի Հայոց ցեղասպանութիւն` ժամանակակից պատմութեան առաջին ցեղասպանութիւնը եւ յաջորդ ` Հոլոքոստի, Ռուանտայի, Գամպոտիոյ, Սուտանի ցեղասպանութիւններու ծրագիրը: Այս շարժանկարը յիշողութեան մասին է` ինչ կը պատահի, երբ անցեալը կը մերժուի, ինչ կը պատահի, երբ կ’ընդդիմանան ատոր: Քանի որ մենք կը մօտենանք Հայոց ցեղասպանութեան 100րդ տարելիցին, «1915» շարժանկարը կոչ կ’ուղղէ մեզմէ իւրաքանչիւրին դադրեցնելու ժխտողականութիւնը եւ խիզախութեամբ հանդիպելու անցեալի ուրուականներուն»,նշուած է կայքին մէջ:
Imdb.com կայքն ալ կը տեղեկացնէ, որ շարժանկարի անդրանիկ ցուցադրութիւնը տեղի պիտի ունենայ ԱՄՆ Քալիֆորնիոյ նահանգի Լոս Անճելըս քաղաքին մէջ` 2015 թուականի Ապրիլ 24ին: Շարժանկարի գլխաւոր դերերով հանդէս կու գան դերասաններ Սիմոն Աբգարեան (կերպարը` Սիմոն), Սէմ Փեյճ (Ճէյմս) եւ Անժէլա Սարաֆեան (Անժէլա): Հայ դերասանուհի Անժէլա Սարաֆեան յայտնի է յատկապէս «Մթնշաղ. Սագա.Լուսաբաց», «Փարանոյա», «Ներգաղթեալ» շարժանկարներէն: Դերասան Սիմոն Աբգարեանն ալ ճանչցուած է «Արարատ», «Քազինօ Ռոյալ», «Սպին» շարժանկարներէն:
Այլ դերերու մէջ հանդէս կու գան Ճիւ Փիտոք (Ճեֆրի), Քըրթնի Հալուերսըն (Լաքի), Տեպրա Քրիսթոֆերսըն (Լիլիան), Նիկոլա Քինսքին (Թօնի), Մայլս Քրանտորտ (Ռէյ) եւ այլք:
«Կրեմի» մրցանակի դափնեկիր Սերժ Թանկեան վերջերս Rolling Stoneին ըսած է, որ շարժանկարը շատ հետաքրքիր տրամա է: «Այն նկարահանուած է Լոս Անճելըսի` Լոս Անճելըս թատրոնին մէջ, որ շատ հին եւ ականաւոր թատրոն է: Այն իսկապէս շատ, շատ հետաքրքիր է, ժամանակակից պատմութիւն: Շարժանկարը կ’առնչուի ժխտողականութեան եւ ցեղասպանութեան հոգեբանական հետեւանքներուն հետ», ըսած է Թանկեան:
Առաջին համաշխարհային պատերազմի նախօրէին Օսմանեան կայսրութեան մէջ կ’ապրէին երկու միլիոնէ աւելի հայեր:
Շուրջ մէկուկէս միլիոն հայ սպաննուեցաւ 1915-1923թթ. ժամանակահատուածին, իսկ մնացածները կամ բռնի մահմետականացուեցան, կամ ապաստանեցան աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ: 1915թ. Ապրիլ 24ին սկիզբ առած ձերբակալութիւններով (հիմնականին մէջ` Օսմանեան կայսրութեան մայրաքաղաք Կոստանդնուպոլսոյ մէջ) եւ ատոր հետեւած հարիւրաւոր հայ մտաւորականներու ոչնչացումով սկսաւ հայ բնակչութեան բնաջնջման առաջին փուլը: Յետագային աշխարհասփիւռ հայերը Ապրիլ 24ը սկսան նշել իբրեւ Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակի օր: