Երգիչ Փաթրիք Շուշայեանը Պարզաբանած է, Թէ Ինչպէս Դարձած Է Ֆիորի

Անուանի երգիչ Փաթրիք Ֆիորին միշտ չէ, որ Ֆիորի ազգանունը կրած է: Ան միայն դեռահաս տարիքին փոխած է իր իսկական ազգանունը:
“Արմէնփրես”-ի փոխանցմամբ` voici.fr կայքը փորձած է պարզել այդ հարցը: Կայքը կը նշէ, որ Ֆիորին երգիչի բեմական կեղծանունը չէ, ինչպէս շատ յայտնի արուեստի գործիչներու պարագային: Մինչեւ 1983 թուականը երգիչին անունը Փաթրիք Շուշայեան էր, եւ անոր ազգանունը հայկական ծագում ունի, քանի որ անոր հայրը հայ է: 14 տարեկանին ան փոխած է իր ազգանունը` որոշ պատճառներով:
Փաթրիք Ֆիորին ըսած է, որ անոր իսկական մականունը խնդրայարոյց էր իր ընկերներուն եւ ուսուցիչներուն համար: ”Դպրոցին մէջ ոչ ոք կրնար արտասանել իմ մականունս` Շու-շա-եան:
Այդպիսով 14 տարեկանին ես հարցուցի հայրիկիս, թէ ան դէմ կ՛ըլլա՞յ արդեօք, եթէ ինք վերցնէ իր մօր ազգանունը”,-նշած է երգիչը: Այդ ազգանունն էր “Ֆիորի”, որ պատանի Փաթրիքը հաւնած էր:
““Ֆիորի” իտալերէն կը նշանակէ ծաղիկ: Սակայն չեմ գիտեր` ի՞նչ կը նշանակէ Շուշայեան”,֊աւելցուցած է երգիչը:
Երգիչ, երգահան Փաթրիք Ֆիորին ծնած է 1969-ին Մարսէյլ: Հայրը` Ժաք Շուշայեանն է, մայրը` քորսիքացի Մարիա Անթուանետ Ֆիորին: 12 տարեկանին խաղացած է միւզիքըլի մէջ: 17 տարեկանին թողարկած է “Սթեֆանի” -ն: 1993թ. “Եւրատեսիլ” երգի միջազգային մրցոյթին ներկայացուցած է Ֆրանսան, ուր “Մամա Քորսիքա” երգով գրաւած է 4-րդ տեղը: 1994-ին թողարկած է առաջին ալպոմը: 1997-ին երգած է “Փարիզի աստուածամօր տաճարը” միւզիքըլի մէջ, որ 1999-ին ընտրուած է որպէս “Տարուայ լաւագոյն միւզիքըլ”, իսկ “Belle” երգը դարձած է “Տարուան երգ”: Համագործակցած է շատ նշանաւոր երաժիշտներու հետ: Հիւրախաղերով քանի մը անգամ եղած է Երեւան: