Ատրպէյճանական Կողմի Յարձակման Փորձին Հետեւանքով Հայկական Կողմը Մէկ Զոհ եւ Մէկ Վիրաւոր Ունեցած է
ՊԲ տուեալներուն համաձայն, Յունուար 20-ին եւ լոյս 21-ի գիշերը ղարաբաղա-ատրպէյճանական հակամարտ զօրքերու սահմանագծին՝ հակառակորդին կողմէ հրադադարը խախտուած է շուրջ 300 անգամ, որուն ընթացքին, տարբեր տրամաչափի հրաձգային զինատեսակներէն, ինչպէս նաեւ ՌՊԳ-7 եւ ԳՊ-25 տիպի նռնականետերէ հայ դիրքապահներու ուղղութեամբ արձակուած է աւելի քան 3000 կրակոց:
ՊԲ յառաջապահ զօրամասերը սահմանագծի ողջ երկայնքով վստահօրէն կ’իրականացնեն մարտական հերթապահութիւն եւ անհրաժեշտութեան պարագային կը դիմեն համապատասխան գործողութիւններու:
Յունուար 20-ին լոյս 21-ի գիշերը` ժամը 03:00-ի սահմաններուն, ղարաբաղա-ատրպէյճանական հակամարտ զօրքերու սահմանագծի Քարվաճառի պաշտպանական ուղղութեամբ հակառակորդը ձեռնարկած է հետախուզական ներթափանցման փորձ:
Հայկական յառաջապահ ստորաբաժանումները ժամանակին հաւաստանշած են հակառակորդի յատուկ ջոկատայիններուն յառաջխաղացումը եւ վերջիններուս կորուստներ պատճառելով, շպրտած են իրենց ելման դիրքեր:
«Ցաւօք, ծաւալուած մարտերի ժամանակ զոհուել է զինծառայող, 1982թ. ծնուած Նահապետ Արտակի Ասատրեանը եւ վիրաւորում է ստացել 1973թ. ծնուած Յովհաննէս Օնիկի Գասպարեանը:
ԼՂՀ պաշտպանութեան նախարարութիւնը կիսում է կորստեան ծանր վիշտը եւ իր զօրակցութիւնը յայտնում Ն. Ասատրեանի ընտանիքի անդամներին, հարազատներին եւ ծառայակիցներին:
Միջադէպի մանրամասները պարզելու համար կատարւում է քննութիւն»,– ըսուած է ԼՂՀ ՊԲ կայքին մէջ զետեղուած հաղորդագրութեան մէջ: