Հայ Դատը Քոնկրեսին Մէջ Կայացած Ձեռնարկով Մը Ողջունեց Մերձաւոր Արեւելքի Նպաստամատոյցի Ջանքերը

Քոնկրեսի շէնքին մէջ, անցեալ շաբաթ կազմակերպուած իւրայատուկ ձեռնարկով մը, Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը առիթն ունեցաւ շնորհակալութիւն յայտնելու Մերձաւոր Արեւելքի Նպաստամատոյցին, որուն մարդասիրական ջանքերը Հայկական Ցեղասպանութիւնը վերապրած հարիւր հազարաւոր հայորդիներու կեանքը փրկեց եւ որոշ չափով մեղմացուց անոնց տառապանքը։
Քոնկրեսի Հայկական հարցերու համախմբումի համանախագահ Ֆրենք Փալոնի եւ քոնկրեսականներ Էտըմ Շիֆի ու Ճիմ Քոսթայի կողքին, ձեռնարկին ներկայ էին շարք մը քոնկրեսականներու անձնակազմի ներկայացուցիչներ։
Ձեռնարկին ընթացքին, Մերձաւոր Արեւելքի Նպաստամատոյցի լայնածաւալ գործունէութեան մասին ելոյթ մը ունեցաւ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի «Շնորհակալութիւն Ամերիկա» յանձնախումբի անդամ Միսաք Քէլէշեանը, որ երկար տարիներով ուսումնասիրած է այդ մարդասիրական աշխատանքները։
Քէլէշեան շեշտեց, թէ համաամերիկեան ծաւալով եւ 15 տարիներու ընթացքին (1915-1930) իրականացուած մարդասիրական այս արշաւին ընթացքին, կարելի եղած էր 117 միլիոն տոլար (ներկայ արժէքով՝ մօտաւորապէս 2.7 միլիառ տոլար) հաւաքել եւ օժանդակութեան ձեռք երկարել հայութեան՝ Լիբանանի, Սուրիոյ, Իրաքի ու այլ երկիրներու մէջ բացուած մօտաւորապէս 400 որբանոցներու ցանցով, փրկելով Ցեղասպանութեան ականատես մօտաւորապէս 132,000 որբեր: Այլ փոքրամասնութիւններու եւս օժանդակութիւններ տրամադրուած են։
Միսաք Քէլէշեանի ներկայացումը կարելի է դիտելhttp://youtu.be/ssc1Yk5aeTE կայքէջէն։
Ելոյթներ ունեցան նաեւ քոնկրեսականներ Ճիմ Քոսթա, Էտըմ Շիֆ եւ Ֆրենք Փալոն, ինչպէս նաեւ՝ Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի կառավարական հարցերու վարիչ Քէյթ Նահապետեան։
Այս առիթով, Քէլէշեան, Նահապետեան ինչպէս նաեւ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի «Շնորհակալութիւն Ամերիկա» յանձնախումբի համանախագահներ Վանա Կիտցինեան եւ Հերմինէ Փախանեանս հանդիպումներ ունեցան 10 քոնկրեսականներու հետ՝ անոնց փոխանցելով Մերձաւոր Արեւելքի Նպաստամատոյցի հերոսական ջանքերուն մասին կենսական տեղեկութիւններ։ «Շնորհակալութիւն Ամերիկա» նախաձեռնութեան մասին յաւելեալ տեղեկութիւններու համար, այցելելwww.americawethankyou.org կայքը։