Յասմիկ Պօղոսեան Աւստրիոյ Մէջ Ներկայ Գտնուած Է Վիեննաբնակ Հայաստանցի Երաժշտահան Վիգէն Կզարթմեանի «Ծիրանի Ծառ» Երաժշտական Նախագիծին

Յունուար 18-20 կայացաւ ՀՀ Մշակոյթի նախարար Յասմիկ Պօղոսեանի աշխատանքային այցը Աւստրիոյ Հանրապետութիւն: Այս մասին կը յայտնեն ԱԳՆ մամլոյ ծառայութենէն:

Յունուար 18-ին նախարար Յասմիկ Պօղոսեան ներկայ գտնուեցաւ Աւստրիոյ Գարինթիա երկրամասի մայրաքաղաք Քլակենֆուրտի «Քոնսերթհաուս» համերգասրահին մէջ տեղի ունեցած երգահան եւ դաշնակահար Կարէն Ասատրեանի երգչախումբի եւ ճազային քառեակին համար գրած «Աղօթքի անիւ» պատարագի առաջին ելոյթին: Ստեղծագործութիւնը նուիրուած էր Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին եւ աւստրիացի հանդիսատեսի  ողջունելութեան արժանացաւ:

Յունուար 19-ի առաւօտեան նախարար Պօղոսեան աշխատանքային հանդիպում ունեցաւ Աւստրիոյ Արուեստներու եւ մշակոյթի, սահմանադրութեան եւ լրատուամիջոցներու դաշնային նախարար, դոկտոր Եօզէֆ Օստերմայերի հետ: Հանդիպման կը մասնակցէր նաեւ Աւստրիոյ մէջ ՀՀ դեսպան Արման Կիրակոսեան:

Նախարար Պօղոսեան եւ դաշնային նախարար Օստերմայերը ստորագրեցին փոխըմբռնման յուշագիր Հայաստանի մշակոյթի նախարարութեան եւ Աւստրիոյ վարչապետարանի միջեւ արուեստի եւ մշակոյթի բնագաւառին մէջ համագործակցութեան մասին:

Ստորագրման արարողութեան յաջորդած զրոյցին եւ աւստրիական գործընկերոջ կողմէ ի պատիւ Յասմիկ Պօղոսեանի տրուած պաշտօնական ճաշի ընթացքին քննարկուեցաւ մշակոյթի եւ արուեստի ոլորտներուն առնչուող երկկողմ եւ բազմակողմ հետաքրքրութիւն ներկայացնող հարցերու լայն շրջանակ:

Յունուար 19-ի երեկոյեան նախարար Պօղոսեան մասնակցեցաւ Աւստրիոյ մէջ ՀՀ դեսպանութեան կից գործող «Հայաստան» կեդրոնին մէջ դեսպանութեան կողմէ կազմակերպուած հայ արուեստին եւ Հայաստանի զբօսաշրջային հնարաւորութիւններուն նուիրուած  ձեռնարկին:

Ձեռնարկին ներկայ եղած են Աւստրիոյ խորհրդարանի անդամներ, մշակութային կառոյցներու, Աւստրիոյ արտաքին գերատեսչութեան, կառավարական այլ մարմիններու, լրատուամիջոցներու, հայկական համայնքային կառոյցներու ներկայացուցիչներ:

Ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ Աւստրիոյ մէջ ՀՀ դեսպան Արման Կիրակոսեան, որ կարեւոր համարեց նոյն օրը Աւստրիոյ վարչապետարանին մէջ ստորագրուած հայ-աւստրիական մշակութային համագործակցութեան յուշագիրը, ներկայացուց մշակոյթի ոլորտին մէջ երկու երկիրներու միջեւ ընթացող եւ նախանշուող գործակցութեան հանգրուանները:

Ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ նախարար Յասմիկ Պօղոսեան, որ այնուհետեւ նախարարութեան կողմէ սահմանուած «Գրանշան» 2013թ. առաջին մրցանակի տիպլոմը յանձնեց աւստրուհի Լիզա Շուլցին:

Ձեռնարկին ընթացքին տեղի ունեցաւ Կոմիտասի ծննդեան 145-ամեակին նուիրուած հեղինակի կեանքն ու ստեղծագործութիւնները ներկայացնող խտասկաւառակներու հաւաքածուի շնորհանդէսը, որ ներկայացուց նախագիծի հեղինակ Ռուբէն Տօնիկեան: Վիեննաբնակ հայաստանցի երաժշտահան եւ արտադրող Վիգէն Կզարթմեան ներկայացուց Կոմիտասին նուիրուած իր «Ծիրանի ծառ» երաժշտական նախագիծը, որ Կոմիտասի դրամատիկ եւ հոգեւոր ստեղծագործութիւններու վերամշակման փորձ է ժամանակակից ֆիլմի երաժշտութեան
արտայայտչաձեւերով` գործիքաւորուած դասական-սիմֆոնիկ նուագախումբի եւ ժողովրդական գործիքներու համար:

Մշակույթ1 Մշակույթ2 Մշակույթ3

Scroll Up