Անմեղ Սերիոժան Ինչպէ՞ս Ապրէր…

Լիբանանի “Ազդակ” օրաթերթի խմբագիր Նորա Բարսեղեան կը գրէ.
Սերիոժա Աւետիսեանը չդիմացաւ իր ընտանիքին դառն ճակատագիրին ահաւորութեան եւ նախընտրեց միանալ իր ծնողքին ու երկու տարեկան քրոջ…
Սերիոժա Աւետիսեանը եւս առյաւէտ փակեց իր աչքերը` չտեսնելու համար աշխարհին անարդարութիւնը եւ չապրելու իրեն ժառանգուած ողբերգութիւնը:
Մահուան դէմ ակամայ, սակայն դաժան պայքար մղած վեցամսեայ երեխան 19 յունուարի յետմիջօրէին արդէն հրեշտակի մը վերածուեցաւ եւ իր անմեղութեան սանդուխներէն բարձրացաւ վեր, ուր չկայ ցաւ, չկայ ողբ, չկայ որբութիւն եւ չկայ մարդկային բարբարոսութիւն:
Աւետիսեաններու սպանդին առնչուած լուրերուն, յօդուածներուն, վերլուծումներուն եւ նոյնիսկ յուղարկաւորութեան ու թաղման լրատուութեան հետեւած պահուս այնքան ծանր ու խոր չէր եղած զգացած վիշտս ու ցասումս, որքան` կարդալով վեցամսեայ մանուկին մահուան գոյժը…
Գոյժ, զոր չկարդալու եւ չլսելու ակնկալութիւն եւ յոյս ունէին ոչ միայն Աւետիսեաններուն հարազատները, գիւմրեցիները, հայաստանցիները, այլ նաեւ համայն սփիւռքահայերը եւ այս ահաւոր դէպքին մասին տեղեակ ոեւէ անհատ…
Գոյժ, որով վերջնականապէս փակուեցաւ պայծառ ապագայի մը յոյսով օրօրուող ժպտադէմ Աւետիսեաններուն ընտանիքին պատմութեան վերջին ու բիւրեղ էջն ալ…
Գոյժ, որ աւելի ու աւելի կը խորացնէ ցաւը, կը գրգռէ բարկութեան կիրքերը, կը բարձրացնէ ոճրագործին արժանի պատիժը տալու կոչերը, յաւելեալ պատասխանատուութիւն կը դնէ Հայաստանի իշխանութիւններուն ուսերուն` տէր կանգնելու եւ մինչեւ ամբողջ ընտանիքի մը ծորած արեան հատուցման արժանի աւարտ հասցնելու Աւետիսեաններուն դատը…
12 յունուարին Սերիոժան, սովորական մանուկի մը նման, կը ննջէր իր մահճակալին մէջ` կողքին ունենալով ընտանիքին անդամները, լուսաշող ապագայ թեւածող երազներով օրօրուելով: Ինչպէ՞ս գիտնար տակաւին նոր լոյս աշխարհ (լո՞յս…արդեօք) եկած մանուկը, որ քանի մը դաժան վայրկեաններ բաւարար պիտի ըլլային հիմնայատակ փոխելու իր եւ ընտանիքին ճակատագիրը, ոճրագործի մը անասնականութիւնը բաւարար պիտի ըլլար զինք իր մահճակալէն հիւանդանոցի անկողին, ապա` դագաղ նետելու, ընտանիքի բոլոր անդամները միանգամայն ցուրտ հողով ծածկելու, զինք ամբողջովին միայնակ ձգելու եւ իր երազներուն թելը վայրագօրէն կտրելու…
Աւելի՛ն. գիշերուան մը մէջ մանուկ Սերիոժան վերածուեցաւ համայն հայութեան ուշադրութեան կիզակէտին, վեցամսեայ անմեղին ուսերուն դրուեցաւ աշխարհի մեղքերուն ահաւորագոյնը կրելու եւ իր ընտանիքին սպանդին տաժանելիութիւնը թօթափելով վերապրելու մարտահրաւէրը, ճակատագրուեցաւ ո՛չ միայն որբանալու, այլեւ ահաւոր ոճիրի մը ենթարկուած ընտանիքի մը շառաւիղը ըլլալու…
Գիշերուան մը մէջ անոր շունչի ելեւէջներուն, սրտի տրոփիւններուն եւ մարմնի իւրաքանչիւր օրկանի աշխատունակութեան կապուեցաւ համայն հայութեան յոյսը, բոլորը սրտագին ու մեծ հաւատքով աղօթեցին, որ չմահանայ մանուկը, գէթ ինք մնայ կենդանի ու կանգուն, մնայ ու շարունակէ Աւետիսեաններուն ընտանեկան ծառի փթթումը:
Բայց…
Ոճիրի մը «ականատեսը» եղած, իր հարազատներէն առյաւէտ զրկուած ըլլալու ողբով լեցուած, անյայտ ապագայի մը սեմին կանգնած եւ աշխարհի անարդար հարուածին տակ տնքացող մանուկ Սերիոժան ինչպէ՞ս կրկին բանար իր անմեղ աչքերը, որոնց արցունքը սրբող մայրը իրեն հետ չէր ալ, ինչպէ՞ս կրկին ուժ տար սրտին, որուն մօտիկները արդէն շա՜տ հեռու են իրմէ, ինչպէ՞ս վերադառնար գիտակցութեան, երբ մարդկային տրամաբանութիւնն իսկ անկարող է տեղի ունեցածը ընկալելու…
Տակաւին լոկ վեց ամիսէ այս աշխարհին ծանօթացած մանուկը ինչպէ՞ս կարենար դիմանալ…
Գնաց Սերիոժան, որովհետեւ գիտակցեցաւ, որ այսքան զարհուրելի իրականութեամբ ինք չէր կրնար ապրիլ, որովհետեւ վեց ամիսներն իսկ բաւարար էին զինք ծանօթացնելու հարազատներու կորուստի վիշտին, ֆիզիքական տառապանքին եւ մարդու անմարդկայնութեան:
Գնաց Սերիոժան, սակայն մնաց իր ու իր ընտանիքի անդամներուն կողմէ աշխարհին, յատկապէս Հայաստանին նետուած ձեռնոցը` արդարութիւն տնօրինելու եւ նման դառն ճակատագիրի մը կրկնութեան առաջքը առնելու:
Ննջէ հանգիստ, անմեղ Սերիոժա…