ՌԴ Քննչական Կոմիտէի Նախագահը Պիտի Ժամանէ Հայաստան

Հայաստանի քննչական կոմիտէի նախագահ Աղուան Յովսէփեանի հրաւէրով Յունուար 19-ին Հայաստան կը ժամանէ ՌԴ քննչական կոմիտէի նախագահ Ալեքսանդր Փասթրիքինը:
Ինչպէս կը հաղորդեն քննչական կոմիտէի մամուլի ծառայութենէն, Աղուան Յովսէփեանը հեռախօսազրոյց ունեցած է Ալեքսանտր Փասթրիքինի հետ:
Կողմերը քննարկած են Յունուար 12-ին Գիւմրիի մէջ Աւետիսեաններու ընտանիքի 6 անդամներու սպանութեան գործի քննութեանը վերաբերող հարցեր, որոնց կատարման մէջ կը մեղադրուի Գիւմրիի մէջ տեղակայուած ռուսական 102-րդ ռազմակայանի զինծառայող Վալերի Պերմեակովը:
Հաշուի առնելով քրէական գործի առանձնայատկութիւնները` Յովսէփեանը Փասթրիքինը հրաւիրած է Հայաստան:
Հրաւէրը ընդունուած է, եւ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութեան համաձայն` Փասթրիքինը այսօր կու գայ Հայաստան:
***
Յունուար 12-ին Գիւմրիի մէջ սպանդի ենթարկուած է Միասնիկեան փողոցի տուերէն մէկուն մէջ ապրող Աւետիսեաններու ընտանիքը: Սպաննուած է վեց հոգի: Վերապրած է միայն ընտանիքի վեցամսեայ անդամ Սերեոժա Աւետիսեանը, որը ծանր վիճակի մէջ կը գտնուի Երեւանի հիւանդանոցներէն մէկուն մէջ: Սպանութեան համար մեղադրանք առաջադրուած է Գիւմրիի ռուսական ռազմակայանի ժամկետային զինծառայող Վալերի Պերմեակովին, որ ընդունած է իր մեղքը:
Յունուար 14-15-ին Հայաստանի մէջ բողոքի ցոյցեր տեղի ունեցան շարք մը պետական գերատեսչութիւններու մօտ. Գիւմրիի մէջ` Ռուսաստանի հիւպատոսութեան, ռուսական 102-րդ ռազմակայանի եւ Շիրակի մարզի դատախազութեան մօտ, Երեւանի մէջ` Ռուսաստանի դեսպանութեան, ՀՀ նախագահի նստավայրի մօտ եւ Ազատութեան հրապարակին վրայ:
Գիւմրիի մէջ տեղի ունեցած բախումներու արդիւնքով տասնեակէ աւելի քաղաքացիներ եւ ոստիկաններ վիրաւորուեցան: