«Մեր Եղբայրն Ես, Հրա՛նդ». Քրտամէտ Կուսակցութիւնը Տինքի Մահուան Տարելիցին Նուիրուած Երթ Կազմակերպած Է

Թուրքիոյ մէջ Ժողովուրդներու դեմոկրատական քրտամէտ կուսակցութեան Շիշլիի մասնաճիւղը պոլսահայ նշանաւոր լրագրող Հրանդ Տինքի սպանութեան 8-րդ տարելիցին առիթով քայլերթ  կազմակերպած է, ինչպէս կը տեղեկացնէ «Ակօս»-ը:

Tert.am-ի փոխանցմամբ` անոնք պնդած են, որ օրեր առաջ ձերբակալուած Ճիզրէի ոստիկանապետը կապ ունի Տինքի սպանութեան հետ, եւ նշած են, որ Տինքի սպանութենէն ետք տեղի ունեցած հայ զինծառայող Սեւակ Շահին Պալըքչըի եւ տարեց հայ կնոջ` Մարիցա Քիւչուքի սպանութիւնները Հայոց ցեղասպանութեան շարունակութիւնն են:

Քայլերթի մասնակիցները ստորագրահաւաք  սկսած են «Էրկենեքոնի» փողոցը Հրանդ Տինքի անունով կոչելու համար: Անոնք նաեւ փողոցին մէջ «Հրանդ Տինքի փողոց» գրութիւնը  փակցուցած են:

Ստորագրահաւաքը  պիտի շարունակուի մինչեւ   Հայոց ցեղասպանութեան մեկնարկի օրը համարուող  Ապրիլ 24-ը:

«Առերեսուէ՛ք Հրանդի հետ, Ցեղասպանութեանը» պաստառը պարզած մօտ 50 մարդ քայլերթի ընթացքին տարբեր կարգախօսներով հանդէս եկած է` մասնաւորապէս` «Քիւրտ, թուրք, հայ. կեցցէ՛ ազգերու եղբայրութիւնը», «Մեր եղբայրն ես, Հրա՛նդ», «Բոլորս Հրանդ ենք, բոլորս հայ ենք» եւ այլն:

Տինքի սպանութեան 8-րդ տարելիցին առիթով անոր գերեզմանը այցելած են հարազատներն ու անոր գնահատողները:

Անոնք աղօթած են Տինքի հոգիին համար, իսկ գերեզմանատան աշխատակից Մալիք Եալչըն անոր յիշատակին բանաստեղծութիւն արտասանած է:

Յիշատակի ձեռնարկին մասնակցած է նաեւ Թուրքիոյ ընդդիմադիր ժողովրդա-հանրապետական կուսակցութենէն պատգամաւոր Սեզկին Թանրըքուլուն, որ յիշեցուցած է, որ Տինքը սպաննուած է իշխող «Արդարութիւն եւ զարգացում» կուսակցութեան իշխանութեան տարիներուն:

Ան  յիշեցուցած է, որ 3-5 «գործիքէն» բացի, սպանութեան իրական կազմակերպիչները չեն բացայայտուած:

2007թ.-ի Յունուար 19-ին «Ակօս»-ի խմբագրութեան մօտ սպաննուած Հրանդ Տինքին նուիրուած ձեռնարկ տեղի կ’ունենայ այսօր` անոր սպանութեան վայրին մէջ:

Scroll Up