Գիւմրիի Մէջ Ցուցարարներու եւ Ոստիկաններու Միջեւ Բախումներ. Կան Վիրաւորներ

Գիւմրիի մէջ դատախազութեան շէնքին մօտ տեղի ունեցած ցուցէն ետք ցուցարարները ուղեւորուած են ռուսական հիւպատոսարանի շէնքին մօտ, ուր բախումներ տեցի ունեցած են, ոստիկանները լուսածխային նռնակներ կիրառած են` բազմութեանը ցրելու համար: Ցուցարարները կը պահանջէին օրեր առաջ քաղաքին մէջ սպանդ իրականացնելու համար մեղադրուող ռուս զինծառայողին գործը յանձնել հայ իրաւապահներուն:

Ոստիկանութեան եւ ցուցարարներու միջեւ տեղի ունցած բախումներու ընթացքին վիրաւորուած 12 հոգի տեղափոխուած է “Գիւմրի” բժշկական կեդրոն, ուրկէ 9 հոգին ստացած են առաջին բուժօգնութիւն եւ դուրս եկած են հիւանադանոցէն: 12 հոգիէն 8-ը քաղաքացիներ են, 4-ը` ոստիկան: Ոստիկաններէն երեքը դեռ հիւանդանոց են, բուժօգնութիւն կը ստանան: Հիւանդանոցի մէջ բուժօգնութիւն ստացող ոստիկաններէն երկուքը վնասուածքներ ունի գլխու շրջանին, միւսը` այրուածքներ ձեռքի եւ կրծքավանդակի վրայ:

Scroll Up