Հայ Քուէարկողները Մեծաթիւ Մասնակցութիւն Կը Բերեն Դեմոկրատ Պատգամաւորներու Ընտրութեանց

Քալիֆորնիոյ նահանգային 43րդ շրջանը բնակող Դեմոկրատ կուսակցութեան անդամ մեծ թիւով հայեր մասնակցեցան Կիրակի, Յունուար 11ի յետմիջօրէին, Կլենտէյլի Համայնքային քոլեճին մէջ տեղի ունեցած Դեմոկրատ կուսակցութեան ընդհանուր ժողովի պատգամաւորներու ընտրութեան։ Այս մասին կը հաղորդէ «Ասպարէզը»:
Ըստ նախնական արդիւնքներուն՝ «Միացեալ դեմոկրատներ» ընտրացանկի բոլոր՝ 14 անդամները յաջողեցան ընտրուիլ։ Անոնք են՝ Էլէն Ասատրեան, Ալին Պապայեան, Ճորտըն Տել Կուէրսիօ, Միճին Ֆերնանտեզ, Հայմի Կարսիա, Մալքըմ Ճանսըն, Պերճ Կարապետեան, Սիլվա Քէշիշեան, Լէոնարտ Մանուկեան, Շանթ Սահակեան, Ճուտիթ Սմիթ, Սթիւըն Ուիտըն, Կերի Ուիլիս եւ Թերեզա Երիմեան։
Պերճ Կարապետեան նաեւ ընտրուած է Քալիֆորնիոյ Դեմոկրատ կուսակցութեան Կեդրոնական կոմիտէի ազդեցիկ Գործադիր մարմինի անդամ։
Ըստ նախնական արդիւնքներուն՝ աննախընթաց 739 քուէարկողներ իրենց քուէն օգտագործած են երկժամեայ քուէարկութեան ընթացքին եւ քանի մը հարիւր քուէարկողներ մինչեւ կէս ժամ սպասած են քուէարկելու համար։
Քալիֆորնիոյ նահանգային 43րդ ընտրաշրջանին մէջ կ՛իյնան Պըրպենքը, Կլենտէյլը, Լա Քանիատան, Լա Քրեսենթա-Մոնթրոզը, Լոս Ֆելիզը եւ Փոքրիկ Հայաստանը։
Քալիֆորնիոյ նահանգային 41րդ ընտրաշրջանի ընտրութեանց համար պատգամաւորներ ընտրուած են Այտա Տիմէճեան, Ճան Հայրապետեան, Սահակ Եատալեան եւ Կարէն Կիրակոսեան։
Այլ շրջաններու մէջ ընտրուած են հետեւեալ հայ թեկնածուները՝ Արամ Գալուստեան (46րդ ընտրաշրջան), Տիանա Մինասեան (6րդ ընտրաշրջան), Էլընոր Կարապետեան (23րդ ընտրաշրջան), Նարեկ Խոտանեան, Մերի Խաչատրեան (39րդ ընտրաշրջան) եւ Մուրատ Մինասեան (58րդ ընտրաշրջան)։