Դասախօսական Երեկոյ. «100ամեայ Ցեղասպանութիւնը՝ Հրանդ Տինքի Հետքերով»

Թէքէեան Մշակութային Միութեան Փասատինա-Կլենտէյլի մասնաճիւղի վարչութիւնը կազմակերպած է դասախօսական երեկոյ մը, որ տեղի պիտի ունենայ Կիրակի, 18 Յունուար 2015ի երեկոյեան ժամը 5ին, Միութեան Ալթատինայի «Պէշկէօթիւրեան» սրահին մէջ։ Այս մասին կը հաղորդէ «Ասպարէզը»:
Դասախօսութեան նիւթն է՝ «100ամեայ Ցեղասպանութիւնը՝ Հրանդ Տինքի Հետքերով», իսկ զեկուցաբերն է վերապատուելի Եսայի Սարմազեան՝ Թորոնթոյէն։ Գեղարուեստական յայտագիրին պիտի մասնակցին ՀԲԸ Միութեան Վաչէ եւ Թամար Մանուկեան վարժարանի ուսանողներ, ղեկավարութեամբ իրենց ուսուցիչ Նորայր Տատուրեանին։
Մուտքը ազատ է բոլորին եւ դասախօսութեան աւարտին տեղի պիտի ունենայ պատշաճ հիւրասիրութիւն։ Գաղութիս հասարակութիւնը սիրով հրաւիրուած է այս խիստ շահեկան միջոցառումին, յարգելու համար անմահ յիշատակը բիւրաւոր մեր անմեղ զոհերուն։