Կառավարութիւնը Հաստատեց Սահմանամերձ Գիւղերու Ցանկը, Որոնք Յունուար 1-էն Սկսեալ Հարկեր Չեն Վճարեր
Ատրպէյճանի հետ սահմանակից գիւղերուն մէջ (ինչպէս նաեւ Նախիջեւանի հետ) հարկերու զերօ տոկոս դրոյքաչափ կը կիրառուի: Այս մասին կառավարութիւնը որոշում կայացուցած է այսօր` Յունուար 15-ի իր նիստին: Հարկերէն կ’ազատին 31 գիւղերու հողերու վրայ գործարարութիւն իրականացնողները, որոնք չեն օգտագործուիր կրակոցներու պատճառով:
Բոլոր տեսակի հարկերէն (բացառութեամբ ֆիզիքական անձերէ հարկերը) կ’ազատին հետեւեալ գիւղական համայնքները` Երասխ (Արարատի մարզ), Խաչիկ, Խնձորուտ, Սէրս, Նոր Ազնաբերդ եւ Բարձրունի (Վայոց Ձորի մարզ), Վահան (Գեղարքունիքի մարզ) եւ 24 գիւղեր Տաւուշի մարզին մէջ` Ներքին Կարմիրաղբիւր, Ոսկեւան, Չորաթան, Կողբ, Վազաշէն, Բերքաբեր, Բարեկամաւան, Չինարի, Արծուաբերդ, Ծաղկաւան, Մոսեսգեղ, Դովեղ, Պառաւաքար, Բերդաւան, Կոթի, Բաղանիս, Սարիգիւղ, Կիրանց, Այգեպար, Սեւքար, Այգեհովիտ, Ոսկեպար,
Վերին Կարմիրաղբիւր: