Ալեքսանդր Քանանեան Պիտի Բանախօսէ Ազատագրուած Տարածքի Ռազմավարութեան Մասին

Արցախի ազատագրուած տարածքներու ռազմավարական մարտահրաւէրներուն մասին Յունուար 18ի ձեռնարկին պիտի բանախօսէ Քարվաճարի բնակիչ եւ քաղաքագէտ Ալեքսանդր Քանանեանը։ Այս մասին կը հաղորդէ «Ասպարէզը»:

Բանախօսութիւնը նուիրուած է Արցախի ազատագրուած տարածքներու արդի կացութեան՝ վերաբնակեցման խնդիրներուն, տնտեսական հնարաւորութիւններուն եւ վերականգնուած հայ համայնքներու առօրեայ կեանքին։ Ներկաները հնարաւորութիւն պիտի ունենան հարցումեր ուղղելու Արցախեան կարգաւորման, նոր պատերազմի հաւանականութեան, ճանապարհաշինութեան եւ այլ հետաքրքրական նիւթերու շուրջ։ Բանախօսութեան աւարտին պիտի ցուցադրուին Արցախի Քարվաճարի շրջանի բազմաթիւ լուսանկարներ։

Ձեռնարկը պիտի հանդիսավարէ Նունէ Աւետիսեան, եւ գեղարուեստական բաժինին իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն երգիչներ Խանդութ Աւետեան, Մարիան Փաչանեան եւ Արթիւր Յակոբեան (Միսթըր X)։

Այս իւրայատուկ տեղեկատուական բանախօսութիւնը տեղի պիտի ունենայ Կիրակի, Յունուար 18, կ.ե. ժամը 5ին, Իրանահայ միութեան կեդրոնին մէջ՝ 117 South Louise Street, Glendale, CA 91205։

Ձեռնարկը կազմակերպուած է Լոս Անճելըսի Իրանահայ միութեան, Վասպուրականի հայրենակցական միութեան, «Հայրենիք» միութեան, «Ապրիլ» գրատան եւ «Արարատ» հիմնարկութեան կողմէ։

Զրոյց-դասախօսութիւնը պիտի ըլլայ հայերէն, եւ մուտքը ազատ է բոլորին համար։ Ձեռնարկի աւարտին պիտի կատարուի հիւրասիրութիւն։
Բոլորը հրաւիրուած են սոյն ձեռնարկին։

Scroll Up