Ֆրանսական Դպրոցի Անձնակազմը Արձագանքած Է Մարսէլի Մէջ Հայ Տղու Սպանութեան

Կրթութեան ոլորտի հարցերով զբաղող Educ’action 13 միութիւնը իր զօրակցութիւնը կը յայտնէ Ֆրանսայի Մարսէլ քաղաքին մէջ սպաննուած հայ դեռահասի ընտանիքին եւ ընկերներուն: Այս մասին կը հաղորդէ Tert.am-ը:
«Քամիլ-Ժուլիանի դպրոցին մէջ յոյզերը այսօր շատ ուժեղ են աշակերտներու, անձնակազմի շրջանին մէջ: Educ’action 13 միութիւնը կը միանայ անոնց զգացած ցնցման եւ ցաւին եւ կը ներկայացնէ հաստատութեան անձնակազմի յայտարարութիւնը»,- գրուած է հաղորդագրութեան մէջ, կը հաղորդէ Nouvelle d’Armenie-ն:
«Մենք խորապէս ցնցուած ենք, վշտացած եւ զարհուրած ողբերգութեան հետեւանքով: Մեր առաջին միտքերը ընտանիքի եւ մերձաւորներու հետ են»,- ըսուած է դպրոցի անձնակազմի յայտարարութեան մէջ:
Ինչպէս նշուած է յայտարարութեան մէջ, 16-ամեայ Միքայէլը շատ սիրուած եւ յարգուած եղած է ինչպէս ընկերներուն, այնպէս ալ անձնակազմին մօտ: Անոր դասընկերներու նախաձեռնութեամբ լռութեան մէկ վայրկեանով Քամիլ-Ժուլիանի աւագ դպրոցի ողջ համայանքը յարգած է անոր յիշատակը:
Այս մասին կը նշէ դպրոցի անձնակազմը, այս դէպքի բռնութիւնը աննախադէպ է եւ անընդունելի եւ, դժբախտաբար, այն կը վերաբերի բռնութեան երեւոյթներուն, որ արդէն նկատուած են Մարսէլի տարբեր թաղամասերուն մէջ` սոցիալական իրավիճակի վատթարացման հետ մէկտեղ:
Աւելի վաղ հաղորդուած էր, որ Ֆրանսայի Մարսէլ քաղաքին մէջ երկուշաբթի` Յունուար 12-ին, աւագ դպրոցներէն մէկուն առջեւ տեղի ունեցած վիճաբանութեան ընթացքին կրթօճախի հայ սան սպաննուած է: Ան սպաննուած է երկաթեայ ձողերով` դաժան յարձակման հետեւանքով: Յարձակումը իրականացուցած են անոր հետ աւելի վաղ վիճած հասակակից աղջկան եղբայրները: