Վիրահայոց Թեմը 442 Եկեղեցիներու Վերադարձի Պահանջ Ներկայացուցած է Վրաստանի Կառավարութեան

Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ վիրահայոց թեմը ուսումնասիրած է Հայաստանի ազգային արխիւն ու առաջին անգամ Վրաստանի կառավարութեան ներկայացուցած մինչեւ Խորհրդային կարգերու հաստատումը Վրաստանի մէջ գործած հայկական եկեղեցիներու ստոյգ թիւը: Վրաստանի կառավարութեան կրօնական հարցերով զբաղող պետական գործակալութեան ուղարկուած նամակին մէջ թեմը ներկայացուցած է համապարփակ տեղեկատուութիւն Վրաստանի մէջ մինչեւ խորհրդային կարգերու հաստատումը գործած 442 եկեղեցիներու
մասին:

«Արմէնփրէս»ի հետ զրոյցին Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ Վիրահայոց թեմի մամլոյ խօսնակ Սուսաննա Խաչատրեան ըսաւ, որ մինչ այդ թեմը Վրաստանի կառավարութեան ներկայացուցած էր միայն գործող եկեղեցիներու ցանկը:

«Այս ցուցակին մէջ ներառուած են Վրաստանի հայկական բոլոր եկեղեցիները` գործող, խոնարհուած, արդէն փլատակներու վերածուած եւ վրացականացուած: Այս ձեւով թեմը Վրաստանի կառավարութենէն կը պահանջէ ետ վերադարձնել իրեն պատկանող սեփականութիւնը` հաշուի առնելով այն հանգամանքը, որ Վրաստանի
ներկայիս պետութիւնը Խորհրդային Վրաստանի իրաւայաջորդն է: Եկեղեցիները կը քանդուին, կ’աւերուին: Ժամանակը իր ազդեցութիւնը  ձգած է ատոնց վրայ, եւ եթէ այդ կառոյցներու պահպանութեան համար միջոցներ չձեռնարկուին` տարիներ անց այդ եկեղեցիները չեն ըլլար:

Անհրաժեշտ է հոգալ ատոնց մասին, եւ թեմը կը պահանջէ այդ եկեղեցիներու վերադարձը` ատոնց մասին հոգ տանելու ցանկութենէն դրդուած»,­ ըսաւ Սուսաննա Խաչատրեան` աւելցնելով, որ Վրաստանի կառավարութենէն ստացած են պատասխան, որ հարցով կը զբաղի Կրօնական հարցերով պետական գործակալութիւնը, եւ իրենք կը քննեն հարցի պատմական եւ իրաւական դրոյթները: «Յոյս ունինք, որ հարցը պիտի գտնէ արդարացի լուծում, եւ թեմը պիտի կարենայ  տէր կանգնիլ այդ եկեղեցիներուն»,­ ըստ Սուսաննա Խաչատրեանին:

Վերջինիս փոխանցմամբ` մէկ տարուան ձգձգումներէն ետք Վրաստանի կառավարութիւնը մասնակիօրէն կատարած է դեռեւս նախորդ տարուան Յունուարին կառավարութեան ընդունած որոշումը, համաձայն որուն Վրաստանի մէջ գործող կրօնական բոլոր փոքրամասնութիւնները պէտք է փոխհատուցում ստանան խորհրդային տարիներուն կրած ճնշումներուն եւ արգելքներուն համար:

«Նախնական գումարը 4.5 միլիոն լարի էր, յետոյ` 3.5 միլիոն, վերջաւորութեան այդ գումարը դարձաւ 1.5 միլիոն: Գումարը բաշխուեցաւ կրօնական  քանի մը համայնքներու միջեւ եւ Վիրահայոց թեմին հասած է 300.000 վրացական լարի»,­ ըսաւ Սուսաննա Խաչատրեան` աւելցնելով, որ այդ գումարը կը ծախսուի թեմի կարիքները հոգալու համար:

Scroll Up