Օսլոյի Մէջ Տեղի Պիտի Ոունենայ Ցեղասպանութեան Նուիրուած Գիրքի Շնորհանդէս
Օսլոյի PEN միութիւնը կը հրաւիրէ ներկայ գտնուելու Եան Օտտօ Եօհանսէնի «Հայոց Ցեղասպանութիւն» գիրքի շնորհանդէսին, գիրք, որ կը հանդիսանայ նորվեկացի այս մտաւորական եւ հասարակական կարծիք ձեւաւորող մարդու զգալի ներդրումը Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւրամեակի ծիրէն ներս:
Գիրքի շնորհանդէսը տեղի պիտի ունենայ Յունուար 22-ին, որուն պիտի մասնակցի նաեւ Նորվեկիոյ մէջ ՀՀ դեսպանը: Մասնակցութեան համար անհրաժեշտ է գրանցուիլ մինչեւ Յունուար 15:
Մանրամասներու համար կրնաք այցելել հետեւեալ յղումով: