Հեռաւոր Արեւելքի Հայկական Համայնքները Առաջին Անգամ Միասին Տօնած Են Սուրբ Ծնունդը
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2015/01/asia-arm1.jpg)
Թայլանտի մայրաքաղաք Պանքոկի մէջ 2015 թուականի Յունուար 10-ին Հեռաւոր Արեւելքի հայկական համայնքները միասին տօնած են Սուրբ Ծնունդը:
“Արմէնփրես”-ի փոխանցմամբˋ Թայլանտի մէջ սուրբ ծննդեան պատարագ մատուցած է Գերաշնորհ Տ. Հայկազուն եպիսկոպոս Նաճարեանը: Եպիսկոպոս Նաջարեանը նշած է, որ յուզումնալից է տեսնել Հեռաւոր Արեւելքի տարբեր վայրերէ ժամանած հայորդիներ, որոնք ամուր կը պահեն իրենց նախնիներու հաւատքը:
Իսկ Թայլանտի թագաւորութեան մէջ ՀՀ պատուաւոր հիւպատոս Արտօ Արթինեանը նկատած է, որ Հեռաւոր Արեւելքի մէջ հայկական համայնքները կը մեծնան, ուստի շատ կարեւոր է Հայրենիքէն հեռու պահպանել հայոց լեզուն, մշակոյթն ու աւանդոյթները: Պանքոկ ժամանած էր նաեւ ԱՄԷ-ի մէջ ՀՀ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Գեղամ Ղարիբջանեանը: Հաւաքոյթին մասնակցած են Չինաստանէն, Հնդկաստանէն, Մալայզիայէն, Սինկափուրէն, Թայլանտէն, Վիետնամէն ժամանած 80 հայեր:
Այս համայնքներու շնորիւ կը պահպանուին տարածաշրջանի հայկական մշակութային կոթողները, մասնաւորապէս` Պանկլատէշի եւ Մեանմայի եկեղեցիները: 2014-ի Նոյեմբերին Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Երկրորդը ժամանած էր Մեանմայ, Չինաստանի մէջ հայկական համայնքը տասնամեակներ ետք կազմակերպած է հայկական պատարագ, Գալուստ Կիուլպենկեան հիմնադրամը 2 ակադեմիական կրթաթոշական յատկացուցած է Չինաստանի մէջ հայկական ներկայութեան պատմութիւնը ուսումնասիրելու համար:
Չինաստանի մէջ հայկական համայնքի նախագահ Հենրի Արսլանեանը իր հերթին նշած է. “Շնորհիւ աշխարհի տարբեր վայրերէ ժամանած խելացի, նպատակասլաց անձերու` Հեռաւոր Արեւելքի մէջ հայկական համայնքները արագօրէն կը մեծնան”: