Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը Ցաւակցագիր Յղած Է Ֆրանսայի Հանրապետութեան Նախագահին

Յունուար 9-ին Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ Ծայրագոյն Պատրիարք եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը ցաւակցական գիր յղած է Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ Ֆրանսուա Օլանտին` Փարիզի մէջ «Շառլի Էպտօ» ամսագիրի խմբագրութեան նկատմամբ իրականացուած ահաբեկչութեան կապակցութեամբ, որուն հետեւանքով զոհուած են տասներկու անձիք: Այս մասին կը տեղեկացնեն Մայր Աթոռի լրատուական ծառայութենէն:
«Աշխարհասփիւռ Հայ Եկեղեցու, Գերագոյն հոգեւոր խորհրդի եւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի միաբանութեան անունից մեր խորին վշտակցութիւնն ենք յայտնում Ձերդ Գերազանցութեանը, Ֆրանսիայի ժողովրդին եւ զոհուածների ընտանիքներին ու բարեկամներին:
Խստագոյնս դատապարտում ենք ահաբեկչական սարսափելի գործողութիւնը եւ բռնութիւնը, որ գործադրուել է Քրիստոնեայ աշխարհի համար այս սրբազան օրերին», – ըսուած է Վեհափառ Հայրապետի ցաւակցագիրին մէջ:
Աղօթք բարձրացնելով անմեղ զոհերու հոգիներու հանգստութեան համար` Նորին Սրբութիւնը յորդորած է միջազգային հանրութեան դատապարտել ահաբեկչութեան բոլոր դրսեւորումները` յանուն աշխարհի մէջ արդարութեան, խաղաղութեան եւ կայունութեան ամրապնդման: