Թուրքիոյ Մէջ Հայ Թեկնածուն Ընտրուած Է Ազգային Փոքրամասնութիւններու Ներկայացուցիչ
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2014/12/01267-300x225.jpg)
Թուրքիոյ մէջ տեղի ունեցած է ազգային փոքրամասնութիւններու ներկայացուցիչներու ընտրութիւնը:
Ըստ “Երկիր”-ի՝ որ կը վկայակոչէ “Ակօս”- պարբերականը` ընտրութեան արդիւնքով, 90 քուէ հաւաքելով, ազգային փոքրամասնութիւններու ներկայացուցիչ ընտրուած է Դպրեվանք վարժարանի հիմնադրամի նախագահ, ատամբանոյժ Թորոս Ալճանը: Ընտրութեանը մասնակցած են յունական, հայկական, հրէական եւ ասորական 125 հիմնադրամներ:
Յիշեցնենք, որ յունական հիմնադրամները անհամբեր կը սպասէին հայ համայնքի առաջադրած թեկնածուին հետ ծանօթանալուն: Հրէական համայքի ներկայացուցիչը յայտնած էր, որ հրէական հիմնադրամները եւս ցանկութոյւն ունին աջակցելու հայ թեկնածուին: