Շամլեան Վարժարանի «Դերասան»ները Ներկայացուցին «Նոր Տարուան Ոգին»

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 12ի երեկոյեան, Ազգային Վահան եւ Անոյշ Շամլեան վարժարանի հայկական թատերական ակումբի անդամները ներկայացուցին Սարգիս Մահսէրէճեանի «Նոր Տարուան Ոգին» թատերախաղը: Այս մասին կը հաղորդէ «Ասպարէզը»:

Աշակերտները իրենց բացման խօսքին մէջ շնորհակալութիւն յայտնեցին վարժարանի տնօրէնութեան, որ հայկական թատերական ակումբ մը ստեղծելու երազը իրականացուց:

Շուրջ մէկ ժամ տեւող այս թատերախաղին ընթացքին, դերակատարները իրենց ինքնավստահ, տպաւորիչ եւ բացառիկ խաղարկութեամբ յաջողեցան հանդիսատեսին ուշադրութիւնը գրաւել եւ արժանացան անոր գնահատանքին:

Ձեռնարկի աւարտին, վարժարանի տնօրէնուհի դոկտ. Թալին Քարկոտորեանը շնորհաւորեց դերակատար աշակերտները եւ նորանոր յաջողութիւններ մաղթեց թատերական ակումբին:

0000Chamlian-Armenian-Drama1-300x198 0000Chamlian-Armenian-Drama2-300x200 0000Chamlian-Armenian-Drama3-300x198 0000Chamlian-Armenian-Drama4-300x198

Scroll Up