Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցիներուն Մէջ Նոր Տարուան Գիշերը Տեղի Պիտի Ունենայ Նուռօրհնէք
Գարեգին Երկրորդ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի տնօրինութեամբ Նոր տարուան գիշերը` Դեկտեմբեր 31ին` 00:30ին, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի ու միւս եկեղեցիներուն մէջ պիտի կատարուի նուռօրհնէքի արարողութիւն:
Յիսուս Քրիստոսի հեղած արեան ու յարութեան խորհրդանիշ նռան օրհնութիւնը պիտի յաջորդէ գոհաբանական մաղթանքին: