Ցեղասպանութիւնը Ժխտող Փէրինչէքը Քրիստոնեաներու Զգացումները Վիրաւորող Յայտարարութիւն Ըրած է

Թուրքիոյ Աշխատաւորական կուսակցութեան նախագահ Տողու Փէրինչէքը, որ Զուիցերիոյ մէջ դատապարտուած էր Հայոց ցեղասպանութիւնը ժխտելու համար, հանդէս եկած է հերթական լկտի յայտարարութեամբ` վիրաւորելով ամբողջ քրիստոնէական համայնքի կրօնական զգացումները:
Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրես-ը` վկայակոչելով թրքական Haberler.com-ը, Փէրինչէքը անդրադարձած է այն նորութեան, որ Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանին մէջ Յունուարին կայանալիք դատական լսումներու ժամանակ Հայաստանի շահերը պաշտպանող փաստաբանական խումբին մէջ պիտի ըլլայ նաեւ յայտնի հոլիուտեան դերասան Ճորճ Քլունիի կինը` Ամալ Քլունին:
“Տիկինը կրնայ գալ դատական նիստին, սակայն նոյնիսկ եթէ Յիսուսի կինն ալ գայ, անոնք յաջողութեան հնարաւորութիւն չունին”,-աներեսաբար յայտարարած է Փէրինչէքը` նշելով, որ “հիմքէն պիտի լուծեն Թուրքիոյ հիմնական խնդիրներէն մէկը` Հայոց ցեղասպանութեան սուտը”:
Յայտնի հոլիուտեան դերասան Ճորջ Քլունիի կինը` Ամալ Ռամզի Ալամուտինը 2015 թուականի Յունուարին Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանին մէջ կայանալիք Փէրինչէքի գործով նիստին պիտի ըլլայ Հայաստանի շահերը պաշտպանող փաստաբաններէն մէկը:
Դատական նիստը նշանակուած է Յունուար 28-ին:
Ամալ Քլունին բարձրակարգ փաստաբան է, որ մասնագիտացած է միջազգային իրաւունքի, քրէական իրաւունքի, մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան եւ արտայանձնման ոլորտներու մէջ: Ան ներգրաւուած եղած է շարք մը խոշոր դատավարութիւններու մէջ, ինչպէս` Էլկինի մարմարները Մեծ Բրիտանիայէն Յունաստան վերադարձնելու դատը, “Ուիքիլիքս”-ի Ճուլիան Ասանժի պաշտպանութիւնը եւ Ուքրանիոյ նախկին վարչապետ Եուլիա Տիմոշենքոյի դատը: Ան նաեւ աշխատած է ՄԱԿ-ի մէջ Լիբանանի հարցերով յատուկ դատարանի դատախազի, ինչպէս նաեւ նախկին Հարաւսլաւիոյ համար Միջազգային քրէական դատարանի հետ: Եղած է Սուրիոյ հարցերով ՄԱԿ-ի յատուկ յանձնակատար Քոֆի Անանի խորհրդականը, իսկ 2013 թուականին` ՄԱԿ-ի անօդաչու սարքերու քննութեամբ զբաղող խումբի փաստաբանը: Ան գերազանց կը տիրապետէ անգլերէնին, ֆրանսերէնին եւ արաբերէնին: 2014 թուականի Սեպտեմբերին ան ամուսցաւ յայտնի դերասան Ճորճ Քլունիի հետ:
2007 թուական Մարտի 9-ին զուիցերիական դատարանը Քրէական օրէնսգիրքի 216-րդ յօդուածով դատապարտած էր թուրք ազգայնական Տողու Փէրինչէքին` ինչպէս ֆինանսական, այնպէս ալ քրէական պատասխանատուութեան ենթարկուելով Հայոց ցեղասպանութիւնը ժխտելուն համար:
Ուտի Կանտոնի վերաքննիչ դատարանը եւ Դաշնային գերագոյն դատարանը մերժած էին Մարտ 9-ի դատավճռի դէմ ներկայացուած բողոքը:
2013 թուականի Դեկտեմբեր 17-ին ՄԻԵԴ-ը բաւարարած էր Փէրիչէքի հայցը: Զուիցերիոյ կառավարութիւնը Մարտ 17-ին հայց ներկայացուցած է Մարդու իրուունքներու եւրոպական դատարան (ՄԻԵԴ)` “Փերինչէքը ընդդէմ Զուիցերիոյ” գործը Գերագոյն պալատ փոխանցելու խնդրանքով: Հայաստանը գործին մէջ ներգրաւուած է որպէս երրորդ կողմ: