Դեսպան Փոլատեան Հանդիպում Ունեցած Է Անտիոքի Եւ Համայն Արեւելքի Յոյն Ուղղափառ Եկեղեցւոյ Պատրիարքին Եւ Անտիոքի Եւ Արեւելքի Ուղղափառ Ասորիներու Պատրիարքին Հետ

Դեկտեմբեր 22-ին Դամասկոսի Հայոց թեմի առաջնորդ Արմաշ սրբազան Նալպանտեանի եւ ազգային իշխանութեան ներկայացուցիչներու ուղեկցութեամբ Սուրիոյ մէջ ՀՀ դեսպան Արշակ Փոլատեան հանդիպեցաւ Անտիոքի եւ Համայն Արեւելքի յոյն ուղղափառ եկեղեցւոյ պատրիարք Եուհաննա 10-րդի եւ Անտիոքի եւ Արեւելքի
Ուղղափառ ասորիներու պատրիարք, Նորին Սուրբ Օծութիւն Իկնաթիոս Աֆրամ 2-րդի հետ: Այս մասին կը տեղեկացնեն ԱԳՆ մամլոյ ծառայութենէն:

Քննարկուեցան Մերձաւոր Արեւելքի մէջ, յատկապէս Սուրիոյ, հակամարտութեան հետեւանքով ստեղծուած իրավիճակը, Մերձաւոր Արեւելքի քրիստոնեաներուն առնչուող խնդիրները, տարածաշրջանային այլ հարցեր:

Անդրադարձ եղաւ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեայ տարելիցին նուիրուած ձեռնարկներուն:

Scroll Up