Քուէյթի Մէջ Բացուած Է Նկարչուհի Մարօ Սարգսեանի Անհատական Ցուցահանդէսը
Քուէյթի «Ահմատ ալ Ատուանի» սրահին մէջ Դեկտեմբեր 22-ին բացուած է հայ անուանի նկարչուհի Մարօ Սարգսեանի անհատական ցուցահանդէսը: Այս մասին կը յայտնեն ՀՀ ԱԳ նախարարութեան լրատուական կեդրոնէն:
Ցուցահանդէսը բացուած է Քուէյթի արուեստներու, մշակոյթի եւ նամակագրութեան ազգային խորհուրդի եւ Քուէյթի մէջ ՀՀ դեսպանութեան համատեղ ջանքերով:
Ձեռնարկին ներկայ էին Քուէյթի արուեստներու, մշակոյթի եւ նամակագրութեան ազգային խորհուրդի անձնակազմը` գլխաւոր քարտուղար Ալի Ալիւհայի գլխաւորութեամբ, քուէյթցի արուեստագէտներ եւ մշակութային գործիչներ, երկրին մէջ հաւատարմագրուած դիւանագիտական ներկայացուցչութիւններու ղեկավարներ, զանգուածային լրատուամիջոցներու, Քուէյթի պետական հեռուստատեսութեան եւ հայ համայնքի ներկայացուցիչներ:
Բացման խօսքին մէջ Քուէյթի մէջ ՀՀ դեսպան Ֆատէ Չարչօղլեան, կարեւոր համարելով մշակութային համագործակցութեան խթանումն ու ընդլայնումը Հայաստանի եւ Քուէյթի միջեւ, ընդգծած է մշակոյթի անփոխարինելի դերը երկու ժողովուրդներու` երկու կողմերու մշակութային ժառանգութեան ճանաչման եւ բարեկամութեան ամրապնդման գործին մէջ:
Ցուցահանդէսին ներկայացուած աւելի քան 40 բազմաժանր կտաւները, իւրայատուկ գունագեղութեան կիրառման եւ արտայայտչականութեան ազգային ընկալման համադրմամբ, ներկաներուն փոխանցած են հայ նկարչական արուեստի գաղտնիքներն ու աւանդոյթները:
Ցուցահանդէսը լայնօրէն լուսաբանուած է քուէյթեան շարք մը լրատուամիջոցներու, ներառեալ` «Ալ Անպա», «Ալ Սիասա», «Ալ Վաթան», «Ալ Ռայէ պարբերականներուն կողմէ: Մարօ Սարգսեան Հայաստանի նկարիչներու միութեան եւ Փարիզի նկարիչներու ընկերակցութեան անդամ է, անհատական ցուցահանդէսներով բազմիցս հանդէս եկած է Հայաստանի, Ռուսաստանի, եւրոպական տարբեր մայրաքաղաքներու մէջ: