Ժամանակն Է Հայոց Ցեղասպանութեան Հարցը Տեղափոխել Իրաւական Դաշտ. Թրքագէտ
Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին ընդառաջ աշխարհի հայութիւնը պէտք է աւելի ուժեղացնէ աշխատանքները այդ ոճրագործութեան միջազգային ճանաչման ու դատապարտման ուղղութեամբ: Այս հարցին մէջ թրքագէտ Ռուբէն Սաֆրաստեան կարեւոր կյը համարէ այն հանգամանքը, որ հարցի միջազգային ճանաչումէն պէտք է անցում կատարել դէպի իրաւական դաշտ եւ իրաւական տիրոյթի մէջ լուծել Հայոց ցեղասպանութեան հարցը:
«Պէտք է կեանքի կոչել «Պահանջում եմ եւ դատապարտում» կարգախօսը եւ այդ առումով ներգրաւել նաեւ միջազգային իրաւաբանների եւ, ստեղծելով խումբ, միջազգային դատարանում քննել Հայոց ցեղասպանութեան հարցը: Պէտք է կարողանանք մեր պահանջը մօտեցնել իրականութեանը միջազգային իրաւունքի տեսանկիւնից: Պէտք է ուժեղացնենք հետազօտական աշխատանքն այս բնագաւառում եւ համատեղ հետազօտական աշխատանքի մէջ ներգրաւենք արտասահմանցի առաջատար մասնագէտների: Այս առումով բաւական աշխատելու տեղ ունենք», «Արմէնփրէս»ի հետ զրոյցին ըսաւ Ռուբէն Սաֆրաստեան` աւելցնելով, որ միջազգային իրաւունքի մասնագէտները մեծ նշանակութիւն կու տան հեղինակութիւններու տեսակէտներուն: «Եթէ մենք կարողանանք ոլորտի հեղինակութիւններին ներկայացնել խնդրի էութիւնը, համոզուած եղէք, որ
բարենպաստ հող կը ստեղծուի իրաւական դաշտում այս հարցի լուծման համար: Այս աշխատանքը պէտք է արուի, եւ պէտք է պատրաստ լինենք երկարաժամկէտ աշխատանքի: Մենք գործ ունենք Թուրքիայի հետ` երկրի, որը մեծ ռեսուրսներ է ներդնում այդ հարցի դէմ պայքարում, բայց քանի որ ճշմարտութիւնը մեր կողմն է, մենք պէտք է կարողանանք հասնել յաջողութեան», ըսաւ Սաֆրաստեան:
Անդրադառնալով Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման հարցին` Սաֆրաստեան ըսաւ, որ 2014թ. Յունաստանի խորհրդարանին կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ժխտման քրէականացումը եւ Պոլիւիոյ խորհրդարանին կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումը քայլեր են, որոնք Սփիւռքի եւ հայ դիւանագէտներու կատարած մեծ աշխատանքի արդիւնքն են: Ամփոփելով տարին հայթրքական յարաբերութիւններու մասով` թրքագէտը ըսաւ, որ որեւէ փոփոխութիւն չկայ, թրքական կողմի սկզբունքները մնացած են նոյնը, պատճառները` նոյնպէս:
«Թուրքիայի քաղաքականութիւնը տասնամեակներ շարունակ մնում է նոյնը, այն է` նախապայմաններ առաջադրել եւ Հայաստանի դիւանագիտութիւնը փոխել: Հայաստանը չի փոխում իր դիրքորոշումը, պետական քաղաքականութեան մէջ որեւէ փոփոխութիւն չկայ», ըսաւ Սաֆրաստեան:
Հայոց ցեղասպանութիւնը ХХ դարու առաջին ցեղասպանութիւնն է: Թուրքիան կը մերժէ Առաջին համաշխարհային պատերազմի տարիներուն մօտ մէկուկէս միլիոն հայերու զանգուածային ջարդեր իրականացնելու մեղադրանքները եւ չափազանց ցաւագին կը վերաբերի Հայոց ցեղասպանութեան հարցի առնչութեամբ Արեւմուտքի քննադատութեան: Հայոց ցեղասպանութեան փաստը ճանչցած են 20է աւելի երկիրներ, ներառեալ` Ուրուկուէյը, Լիթվան, Ռուսաստանը, Ֆրանսան, Իտալիան, Գերմանիան, Հոլանտան, Սլովակիան, Շուէտը, Զուիցերիան, Յունաստանի, Կիպրոսի, Արժանթինի, Պոլճիգայի խորհրդարանները, Գանատայի խորհրդարանի համայնքներու պալատը եւ Լեհաստանի օրէնսդրական մարմինը (սէյմը), Վատիկանը, ԱՄՆ 42 նահանգներ, Եւրոխորհդարանը, Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդը: