Վարչապետը Հրաժեշտի Հանդիպում Ունեցած Է ՀՀ-ի Մէջ ԱՄՆ-ի Դեսպանին Հետ

Վարչապետ Յովիկ Աբրահամեան ընդունած է Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Ճոն Հեֆերնը, որ կ’աւարտէ դիւանագիտական առաքելութիւնը մեր երկրին մէջ: Այս մասին կը յայտնեն Կառավարութեան մամլոյ ծառայութենէն:
Վարչապետը շնորհակալութիւն յայտնած Է Ճոն Հեֆերնին պաշտօնավարման ընթացքին կատարած աշխատանքին ու աշխոյժ համագործակցութեան համար եւ յաջողութիւն մաղթած յետագայ գործունէութեան մէջ: Յովիկ Աբրահամեան բարձր գնահատած է դեսպանի անձնական ներդրումը հայ-ամերիկեան կապերու սերտացման եւ համատեղ ծրագիրներու իրականացման գործին մէջ, որուն արդիւնքով երկկողմ յարաբերութիւններուն մէջ էական յառաջընթաց արձանագրուած է: Կառավարութեան ղեկավարը նշած է, որ ԱՄՆ-ն կարեւոր գործընկեր է մեր երկրի համար, եւ Հայաստան բարձր կը գնահատէ անկախութեան հռչակումէն ի վեր ԱՄՆ-ի կառավարութեան կողմէ շարունակական ֆինանսական եւ գիտարուեստական
օժանդակութեան տրամադրումը:
Դեսպանը իր հերթին շնորհակալութիւն յայտնած է վարչապետին կառուցողական համագործակցութեան համար, արդիւնաւէտ համարած մեր երկրին մէջ պաշտօնավարման տարիները եւ նշած, որ պիտի շարունակէ մնալ Հայաստանի բարեկամն ու սիրով պիտի պահպանէ կապերը մեր երկրին ու ժողովուրդին հետ: Ճոն Հեֆերնը համոզում յայտնած է, որ հայ-ամերիկեան կապերը այսուհետ եւս զօրաւոր կերպով պիտի զարգանան` ընդգծելով, որ ԱՄՆ-ն կարեւոր կը համարէ Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու խորացումը:
Հանդիպման ընթացքին զրուցակիցները միտքեր փոխանակած են երկու երկիրներու միջեւ համագործակցութեան ընդլայնման, ինչպէս նաեւ ընթացիկ ծրագիրներու շուրջ: