Կիպրացի Թուրք Պատգամաւորը Պահանջած Է Առերեսուիլ Սեփական Պատմութեան Հետ

Ինքնահռչակ «Հիւսիսային Կիպրոսի թրքական հանրապետութեան» խորհրդարանի  պատգամաւոր Տողուշ Տերեան խորհրդարանին մէջ ունեցած ելոյթին յայտարարած է, որ Կիպրոսի թրքական հատուածին մէջ թուրքերէն բացի, հայեր եւ յոյներ ալ կը  բնակին, եւ որ թուրք զինուորը բռնարար է: Անոր այդ յայտարարութիւնը աղմուկ  յառաջացուցած է  խորհրդարանէն ներս :

Այս մասին կը հաղորդէ «Արմէնփրէս»­ը` վկայակոչելով թրքական guncel58.com լրատուական կայքը, Տերեան յայտարարած է, որ հաշտութեան համար անհրաժեշտ է առարեսուիլ անցեալի հետ: «Պատերազմներու մէջ յաղթած կողմ չկայ: Թուրքերէն բացի, ցաւ ապրած են յոյները, հայերը, մարոնիթները եւս: Անոնք անտուն մնացած են եւ կորուստներ կրած: Անոնք բռնութիւններու  ենթարկուած են թուրք զինուորի կողմէ», ­ըսած է ան:

Որոշ պատգամաւորներ Տերեային մեղադրած են թուրք զինուորին «բռնարար» անուանելուն համար եւ  պահանջած են անոնցմէ ներողութիւն խնդրել, ինչ որ վերջինս մերժած է: Աւելին, Տերեան ոստիկանութիւն բողոք  ներկայացուցած է  խորհրդարանին մէջ իր հասցէին վիրաւորական արտայայտութիւններ թոյլ տուած
պատգամաւորներուն դէմ:

Այդ միջադէպէն ետք կիպրաթրքական «Վաթան» թերթին հետ զրոյցին Տողուշ Տերեան ըսած է. «Թրքական բանակը յանցագործութիւններ կատարած է պատերազմին` իբրեւ զէնք օգտագործելով բռնաբարութիւններն ու
բռնութիւնները: 1974­էն առաջ եւ յետոյ իրադարձութիւններուն քաղաքացիները զինուորներու կողմէ բռնաբարութիւններու  ենթարկուած են: Հաշտութեան եւ վերամիաւորման համար անհրաժեշտ է առերեսուիլ անցեալի հետ», ­ըսած է ան:

Թուրքիան Կիպրոսի մէկ երրորդ մասը բռնազաւթած է 1974 թուականին սանձազերծած նուաճողական պատերազմի ժամանակ: Ինչպէս նախկին նուաճողական պատերազմներուն, այդ ժամանակ եւս թուրք զինուորը բռնութիւններու  ենթարկած է ոչ մահմետական բնակչութեան, հայրենազրկած` տիրելով անոնց ունեցուածքին: Կիպրոսի թրքական եւ յունական հատուածները մէկ պետութեան մէջ վերամիաւորուելու բանակցութիւնները յառաջընթաց չեն գրանցեր այն պատճառով, որ Թուրքիան կը պահանջէ, որպէսզի Կիպրոսի մէջ ստեղծուի թրքական հատուածի լիիրաւ քաղաքական իրաւունքներով համադաշնութիւն, որուն դէմ  հանդէս կու գայ Կիպրոսի Հանրապետութիւնը:

Scroll Up