ՀՕՄի «Մայր» Մասնաճիւղը Կը Տօնէ Ամանորը

Ուրբաթ, Դեկտեմբերի 12ին, Հոլիվուտի Հայ կեդրոնի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ՀՕՄի «Մայր» մասնաճիւղի ամանորեայ խրախճանքը: Դահլիճը ճաշակով, եւ խնամքով զարդարուած էր եւ այնտեղ կը թեւածէր ընտանեկան ջերմ մթնոլորտ մը: Վարչական ընկերուհիները ժպիտով եւ յարգանքով կը դիմաւորէին հիւրերը՝ առաջնորդելով զիրենք դէպի սեղանները: Այս մասին կը հաղորդէ «Ասպարէզը»:

Սեղանները զարդարուած էին ամանորեայ նուէրներով, գեղեցիկ եւ բարձր ճաշակով. զարդարուած էին նաեւ սրահն ու տօնածառը, իսկ ճոխ հիւրասիրութիւնը բացառապէս պատրաստուած էր բազմաշնորհ վարչական ընկերուհիներու ջանքերով:

Ատենապետուհի Մայտա Շահինեանը ողջունեց ներկաները եւ շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր հիւրերուն, որոնք մեծ ընտանիքի նման հաւաքուած էին «Մայր» մասնաճիւղի հովանիին տակ: Ան մաղթեց, որ նոր տարին իրականացնէ բոլորին իղձերն ու երազները եւ իրեն հետ բերէ անսպառ վառ երջանկութիւն, առողջութիւն, պայծառ ու բախտաւոր օրեր: Ապա շնորհակալութիւն յայտնեց վարչական ընկերուհիներուն տարած անսակարկ աշխատանքին համար եւ մաղթեց, որ միշտ «վառ մնայ մեր մէջ միասնականութեան եւ համագործակցութեան ոգին»:

Ձեռնարկին ներկայ էին նաեւ շրջանի կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ, նաեւ՝ ՀՅԴ «Գարեգին Նժդեհ» կոմիտէութեան, ՀՄԸՄի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղի վարչութեան, Ս.Կարապետ Մայր եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան եւ Հոլիվուտի Հայ Դատի վարչութեան անդամներ։
Իր ուրախ երգերով միջոցառումը գեղեցկացուց երաժիշտ Ալֆրէտ Ամապեանը։

Յայտագիրը շարունակուեցաւ Կաղանդ պապայի եւ Կաղանդ մամայի ժամանումով. մեծ ցնծութիւն տիրեց սրահին մէջ, երբ ներս մտան Կաղանդ պապան եւ Կաղանդ մաման՝ նուէրներու ծանր տոպրակը շալկած, աշխոյժ, եռանդուն եւ խանդավառ։ Անոնք ուրախացուցին ներկաները եւ բոլորին սիրտերը լիցքաւորեցին աշխուժութեամբ: Բոլորը մանկացած էին եւ լիարժէքօրէն կը վայելէին երեկոն երգով ու պարով:

Այսպիսով, ընկերուհիները 2014 տարուան լաւ ու վատ յիշատակները ձգելով իրենց ետին, բարձր, շէնշող տրամադրութեամբ եւ նորոգուած ոգիով ու եռանդով ծառայելու խոստումով՝ կանուխ դիմաւորեցին 2015 տարին:
2014 թուականի ամանորեայ խրախճանքը ամփոփուեցաւ վիճակահանութեամբ, նուէրներով եւ ազգային շուրջպարերով: Բոլոր հիւրերը իրենց հետ տարին ջերմ յիշողութիւններ:

Վարձքը կատա՛ր, ՀՕՄի «Մայր» մասնաճիւղի վարչական ընկերուհիներուն. կը մաղթենք, որ մնաք նոյն կորովով՝ անշէջ պահելով «Մայր» մասնաճիւղի 96ամեայ ջահը, ընթանալով դէպի պայծառ ու յաղթական 100ամեակ։

1217arsmayr1-300x225 1217arsmayr3-300x225 1217arsmayr-300x225

Scroll Up