Ատրպէյճանցի-Իսրայէլացի Պրոպականդիստը Քար Կը Նետէ Հայաստանի Վրայ Ապակեայ Տունէ

JNS.org կայքը հրէական եւ իսրայէլեան լուրերու տեղադրած է Արյէ Կութի թունոտ, հակահայկական յօդուածը՝ ուռուցիկ խորագիրով. «Հակասեմիթիզմը Հայաստանի Մէջ. Յստակ Եւ Այժմէական Վտանգ»:

JNS.org կայքը հեղինակը կը ներկայացնէ իբրեւ «ատրպէյճանցի իսրայէլացի», որ «իսրայէլա-ատրպէյճանական միջազգային կազմակերպութեան վարչութեան անդամ է, Իսրայէլի մէջ «Արդարութիւն Խօջալուի համար» միջազգային քարոզարշաւի պաշտօնական համակարգողը եւ միջազգային յարաբերութիւններու մասնագէտ»:

Տասնեակ ատրպէյճանական եւ թրքալեզու լրատուամիջոցներ շտապեցին վերահրապարակել այս հայատեաց քարոզչութիւնը՝ ընդգծելով, որ անիկա առնուած է «հանրաճանա»չ իսրայէլեան լրատուական աղբիւրէն: Հնարաւոր է, որ յօդուածը գրուած է Պաքուի մէջ, տեղադրուած իսրայէլեան եւ հրէական հրապարակումներու մէջ, ապա արտատպուած Ատրպէյճանի մէջ՝ ընթերցողներու մօտ ստեղծելով այնպիսի տպաւորութիւն, որ անիկա կու գայ երրորդ կողմի անաչառ աղբիւրէն:

Կութ կը պնդէ, որ Հայաստանի հրէական փոքրամասնութիւնը «խիստ նուազած է առաւել հանդուրժողական» խորհրդային իշխանութեան փլուզումէն ետք… Աւելի ուշ, ան կ՛ընդունի, որ «Հայաստանի շարունակուող տնտեսական անկումը» նոյնքան վճռորոշ եղած է հրեաներու քանակի նուազման համար «հինգ հազարէն դառնալով ընդամէնը քանի մը հարիւր»: Սակայն, Կութ միտումնաւոր չի նշեր, որ նոյն ժամանակահատուածին աւելի քան մէկ միլիոն հայ լքած է իր հայրենիքը՝ անտանելի տնտեսական պայմաններու պատճառով:

Այնուհետեւ ատրպէյճանցի հրեայ հեղինակը կը մեղադրէ հայերը «մշակութային բռնութեան» համար՝ վկայակոչելով հակասեմական գիրքերու եւ հեռտեսիլի ծրագիրներու գոյութիւնը: Սակայն ան դժկամութեամբ կ՛ընդունի, որ «նման ցաւալի դէպքեր» տեղի կ՛ունենան «շատ երկիրներու մէջ»: Եթէ այդպէս է, ուրեմն ինչո՞ւ ան կ՛առանձնացնէ Հայաստանը: Հնարաւոր է, որ ան յետին միտքեր ունի: Իբրեւ «Արդարութիւն Խօջալուի համար» միջազգային քարոզարշաւի պաշտօնական համակարգող Իսրայէլի մէջ», Կութ վճարովի գործակա՞լ է, թէ այս ծանր՝ ատրպէյճանամէտ եւ հակահայկական յօդուածներ գրելու աշխատանքը կը կ՛ատարէ բարեսիրտ տրամադրութեամբ:

Կութ կը շարունակէ վարկաբեկել հայերը՝ պնդելով, որ «Հայաստանի մէջ 2.2 միլիոն չափահաս բնակչութեան շուրջ 1.3 միլիոնը հակասեմական վերաբերմունք արտայայտած է»: Ան կը մոլորեցնէ ընթերցողները՝ թիւր կարծիք ստեղծելով, թէ անձամբ հարցազրոյց իրականացուցած է 1.3 միլիոն հայերու հետ, որոնք ենթադրաբար հակահրէական յայտարարութիւններ ըրած են… Կութ նկատի ունի հրէական «Ընդդէմ զրպարտութեան միութիւն»ի (ADL) համաշխարհային թերի հետազօտութիւնը, ըստ որուն, պատահական ընտրուած 500 հայերու 58 տոկոսը, որոնց հետ հարցազրոյց վարած են հեռախօսով, հակասեմական տեսակէտներ արտայայտած է: Քանի որ Կութի 1.3 միլիոն ցուցանիշը առնուած է ADL-ի հետազօտութենէն, ապա ան պէտք էր նշէր նաեւ իր սիրելի Ատրպէյճանի՝ մարդու իրաւունքներու ամենակոպիտ ոտնահարման երկիրներէն մէկուն, նոյն հետազօտութեան արդիւնքները, որ ցոյց կու տայ, որ 2.4 միլիոն ատրպէյճանցիներ (գրեթէ հայերու թիւէն կրկնակի աւելի) հակասեմական վերաբերմունք կը տածեն:

Քանի որ Կութ կը թաքցնէ ատրպէյճանցիներու տուեալները, եկէք զանոնք բացայայտենք եւ ADL-ի 11 հարցերու պատասխանները համեմատենք Հայաստանի ցուցանիշներուն հետ.

1. 3.2 միլիոն ատրպէյճանցիներ եւ 1.5 միլիոն հայեր պատասխանած են «հաւանաբար ճիշդ է»՝ «հրեաները աւելի հաւատարիմ են Իսրայէլի, քան՝ այն երկրի հանդէպ, ուր անոնք կ՛ապրին»:
2. 3.4 միլիոն ատրպէյճանցիներ եւ 1.6 միլիոն հայեր պատասխանած են «հաւանաբար ճիշդ է»՝ «հրեաները չափազանց հզօր են գործարարական աշխարհին մէջ:
3. 3.2 միլիոն ատրպէյճանցիներ եւ 1.5 միլիոն հայեր պատասխանած են «հաւանաբար ճիշդ է»՝ «հրեաները չափազանց հզօր են միջազգային ելեւմտական շուկաներուն մէջ»:
4. 2 միլիոն ատրպէյճանցիներ եւ 1 միլիոն հայեր պատասխանած են «հաւանաբար ճիշդ է»՝ «հրեաները դեռ շատ կը խօսին այն մասին, թէ ինչ պատահած է անոնց հետ Հոլոքոսթի ժամանակ»:
5. 3.4 միլիոն ատրպէյճանցիներ եւ 1.3 միլիոն հայեր պատասխանած են «հաւանաբար ճիշդ է»՝ «հրեաներուն չի հետաքրքրեր, թէ բացի իրենցմէ, ինչ կը կատարուի միւսներուն հետ»:
6. 2.5 միլիոն ատրպէյճանցիներ եւ 1.1 միլիոն հայեր պատասխանած են «հաւանաբար ճիշդ է»՝ «հրեաները չափազանց մեծ վերահսկողութիւն ունին միջազգային հարցերու վրայ»:
7. 2.5 միլիոն ատրպէյճանցիներ եւ 1.1 միլիոն հայեր պատասխանած են «հաւանաբար ճիշդ է»՝ «հրեաները չափազանց մեծ վերահսկողութիւն ունին Միացեալ Նահանգներու կառավարութեան վրայ»:
8. 2.4 միլիոն ատրպէյճանցիներ եւ 1.2 միլիոն հայեր պատասխանած են «հաւանաբար ճիշդ է»՝ «հրեաները կը կարծեն, որ իրենք աւելի լաւ են, քան միւս ժողովուրդները»:
9. 2.3 միլիոն ատրպէյճանցիներ եւ 0.9 միլիոն հայեր պատասխանած են «հաւանաբար ճիշդ է»՝ «հրեաները չափազանց մեծ վերահսկողութիւն ունին համաշխարհային լրատուամիջոցներու վրայ»:
10. 2 միլիոն ատրպէյճանցիներ եւ 0.8 միլիոն հայեր պատասխանած են «հաւանաբար ճիշդ է». «հրեաները պատասխանատու են աշխարհի մէջ տեղի ուենցող շատ պատերազմներու»:
11. 2.4 միլիոն ատրպէյճանցիներ եւ 1.4 միլիոն հայեր պատասխանած են «հաւանաբար ճիշդ է»՝ «մարդիկ կ՛ատեն հրեաները իրենց վարուելակերպին պատճառով»:

ADL-ի համաշխարհային հետազօտութեան արդիւնքները աւելի շշմեցուցիչ են Թուրքիոյ համար, ուր բացայայտուած է, որ 34 միլիոն թուրքեր՝ 49 միլիոն չափահաս բնակչութենէն, հակասեմական են (գրեթէ 70 տոկոսը):

Կութ կ՛աւարտէ իր հակահայկական խզբզանքը՝ այսպէս կոչուած Խոջալուի ջարդերը ներկայացնելով իբրեւ «20րդ դարու ամենաաղէտալի ողբերգութիւններէն մէկը», ատով իսկ «613 անձի ենթադրեալ սպանութիւնները Խոջալուի մէջ Արցախեան պատերազմի ժամանակ հաւասարեցնելով հրէական Հոլոքոսթի վեց միլիոն եւ Հայոց Ցեղասպանութեան 1.5 միլիոն զոհերուն հետ…

Կութ հաւանաբար տեղեակ չէ Պենճըմըն Ֆրենքլինի յայտնի խօսքերուն. «Քարեր մի նետէք ձեր հարեւաններուն ուղղութեամբ, եթէ ձեր տան պատուհանները ապակեայ են»…

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈԻՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր

www.TheCaliforniaCourier.com

Թարգմանեց՝
ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ

Արեւմտահայերէնի վերածեց՝
«Եռագոյն» կայքը

Scroll Up