Սէյրան Օհանեան Այցելեց ԼՂՀ Մարտական Յենակէտեր

Աշխատանքային այցով Արցախ գտնուող ՀՀ պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան ԼՂՀ պաշտպանութեան նախարար, ՊԲ հրամանատար, զօրավար Մովսէս Յակոբեանի ուղեկցութեամբ, Դեկտեմբեր 16-ին այցելեց բանակի արեւելեան ուղղութեամբ տեղակայուած մարտական յենակէտեր:

Ինչպէս կը տեղեկացնէ ՀՀ պաշտպանութեան նախարարութեան տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութիւնը, հայկական երկու հանրապետութիւններու ռազմական գերատեսչութեան ղեկավարները ծանօթացած են մարտական հերթապահութեան պայմաններուն, մարտական հերթապահութիւն իրականացնող անձնակազմի անվտանգութեան բարձրացման ուղղութեամբ իրականացուած երկրաչափական աշխատանքներուն, զինծառայողներու մարտական պատրաստականութեան եւ բարոյահոգեբանական վիճակին, ինչպէս նաեւ հետաքրքրուած են անոնց առօրեայով եւ կենցաղային պայմաններով:

Scroll Up