Ալեքս Եւ Արտա Եմենիճեանները Կը Հովանաւորեն Ս. Ծննդեան Աւանդական Ընթրիքը

Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան, Կրօնական ժողովը, Ազգային վարչութինն ու Ազգ. առաջնորդարանի տիկնանց օժանդակ մարմինը գոհունակութեամբ կը յայտնեն, թէ առաջնորդարանի երկար տարիներու բարերարներէն եւ բարեկամներէն տէր եւ տիկին Ալեքս եւ Արտա Եմենիճեանները սիրայօժար կերպով յանձն առած են առաջնորդ սրբազանին հիւրընկալած Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան աւանդական ընթրիքին գլխաւոր հովանաւորութիւնը:
Ձեռնարկը տեղի պիտի ունենայ Ս. Ծննդեան օրը, Երեքշաբթի, Յունուար 6, 2015ի երեկոյեան, Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր տաճարի «Բաղրամեան» սրահին մէջ: Այս մասին կը հաղորդէ Asbarez:
Իր պաշտօնի ստանձնումէն ի վեր 20րդ տարին է, որ առաջնորդ սրբազանը կը հիւրընկալէ այս աւանդական ձեռնարկը, որ տարուէ տարի նոր փայլք կը ստանայ՝ շնորհիւ Եմենիճեան բարերար ընտանիքին նման հովանաւորներու եւ բարեկամներու զօրակցութեան:
Սրբազանն ու ժողովականութիւնը շնորհակալութիւն կը յայտնեն տէր եւ տիկին Ալեքս եւ Արտա Եմենիճեան ամոլին, որ ընդառաջելով առաջնորդարանի փափաքին՝ այս տարի ազնուօրէն ընդունած է ըլլալ այս սպասուած ձեռնարկին գլխաւոր հովանաւորը:
«Մեր Նոր Տարուան եւ Ս. Ծննդեան ընթրիքը հովանաւորելով՝ Եմենիճեան ամոլը գեղեցիկ օղակ մը կ՛աւելցնէ Ազգային առաջնորդարանին իր կատարած բարերարութիւններու փայլուն շղթային վրայ, աւելի եւս ամրապնդելով տասնամեակներու բարեկամութիւն մը», կ՛ըսէ առաջնորդ սրբազանը:
Նշենք, որ Եմենիճեան ընտանիքի զօրակցութեան նորագոյն արտայայտութիւններէն մէկն էր Լաս Վեկասի Ս. Կարապետ եկեղեցւոյ կողքին կանգնող Մշակոյթի կեդրոնի «Գուճաքեան» սրահին ի նպաստ կատարուած նուիրատուութիւնը՝ Ֆաթթալ եւ Գուճաքեան ընտանիքներուն հետ միասին: