Կրթասիրաց Մշակութային Միութեան Եւ Վարժարանի 90-ամեակի Յոբելինական Հանդիսութիւն Հալէպի Մէջ
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2014/12/1653574_623141211121242_2865938046836048079_n.jpg)
1924-ին խումբ մը ծառայասէր հայորդիներ Հալէպի մէջ հիմը դրին Կրթասիրաց Մշակութային Միութեան եւ վարժարանին` հայ ժողովուրդի զաւակները հայկական առողջ միջավայրի մէջ համախմբելու եւ հայեցի դաստիարակութեամբ պատրաստելու զանոնք: Այսօր, 90 տարուան աշխատանքի արդիւնքն է որ ի յայտ կու գայ:
Հովանաւորութեամբ Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահան Սրբ. Արք. Սարգիսեանի, Կիրակի, 7 Դեկտեմբեր 2014-ի երեկոյեան ժամը 5.00-ին, Կրթասիրացի «Զ. Գաբրիէլեան» սրահէն ներս տեղի ունեցաւ Կրթասիրաց Մշակութային Միութեան եւ վարժարանի հիմնադրութեան 90ամեակին նուիրուած յոբելինական հանդիսութիւն: Այս մասին կը հաղորդէ Հալէպի “Գանձասար” շաբաթաթերթը:
Հանդիսութեան ներկայ էին հայ երեք յարանուանութիւններու հովուապետները, Հ. Հանրապետութեան Հալէպի Գլխաւոր Հիւպատոսը, հալէպահայ բարեսիրական եւ մշակութային միութիւններու ներկայացուցիչները, հայկական վարժարաններու տնօրէնները, արժանապատիւ քահանայ հայրեր, կրթասիրացականներ եւ հոծ բազմութիւն: Տեղին է նշել, որ ներկաները նախօրօք հրաւիրատոմսերուն հետ 90ամեակին նուիրուած գիրք մը ստանալով քաջատեղեակ եղան միութեան եւ վարժարանին տարած գործունէութեան:
Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Կրթասիրաց Մշակութային Միութեան ատենադպիր` Տոքթ. Ռաֆֆի Զէյթճեան: Ան նշեց, որ միութեան նպատակը հիմնադրութեան օրէն սկսեալ եղած է եւ կը մնայ հայ ազգի զաւակներուն հայապահպանումը ապահովել, անոնց ազգային ոգիով սնուցանել եւ հայեցի դաստիարակութիւն տալ:
Արաբերէն լեզուով բացման խօսք արտասանեց վարժարանի հոգաբարձութեան ատենապետ` երկրչ. Վաչէ Տիշոյեան: Ան իր խօսքին մէջ նշեց, թէ հայը, գերադաս համարելով հոգեւոր եւ մտաւոր արժէքներու պահպանումը, սուրիական հողին վրայ վերակազմակերպեց իր կեանքը:
Օրուան բեմավարներն էին` Ճորճ Դաւիթեան եւ Կասիա Պետիրեան-Սթամպուլեան:
Գեղարուեստական յայտագիրով առաջին հերթին հանդէս եկաւ վարժարանի աշակերտական երգչախումբը, ղեկավարութեամբ` Տոքթ. Սարգիս Իսկէնեանի, դաշնամուրի ընկերակցութեամբ` Տիկ. Շողեր Օհանեան-Քահքէճեանի: Անոնք փունջ մը հայերէն եւ արաբերէն հայրենասիրական երգերով ջերմ տրամադրութիւն փոխանցեցին ներկաներուն: Այնուհետեւ Անի Աթաշեան տպաւորիչ առոգանութեամբ ասմունքեց Սիլվա Կապուտիկեանի «Մտորումներ Ճանապարհի Կէսին» քերթուածը: Ապա Առաջին անգամ ըլլալով ելոյթ ունեցաւ միութեան «Շող» պարախումբը, պարուսոյց` Մեղրիկ Աթաշեանի հետ ներկայացընելով արաբական պար: Այնուհետեւ բեմ հրաւիրուեցաւ օրուան բանախօս, տարիներու ծառայութիւն ունեցող ակնաբուժ բժիշկ Ալեքսան Քէշիշեան: Ան միութեան եւ վարժարանին պատմական ընթացքը ներկայացուց, նշելով թէ` վարժարանը իր հիմնադրութեան շրջանին սկսած է մանկապարտէզի ծաղկոց եւ նախակրթարանի չորս կարգերով եւ օրըստօրէ բարգաւաճելով այսօր ունեցած` միջնակարգի եւ երկրորդականի բաժինները: Ան ներկայացուց նաեւ վարժարանի հիմնադրութենէն մինչեւ օրս վարժարանին մէջ պաշտօնավարած տնօրէնները: Միութեան մասին խօսելով, ան ներկայացուց միութեան կառոյցն ու անոր ենթակայ մարմիններուն եւ յանձնախումբերուն տարած կարեւոր աշխատանքները: Բանախօսը իր խօսքը հարստացուց մէջբերումներով:
Եզրափակելով ան շնորհաւորական խօսք ուղղեց միութեան եւ վարժարանին:
Յաջորդ յայտագիրով բեմ բարձրացաւ Մհեր Մինասեան, որ Գուսան Շահէնի եւ Աշոտի իմաստալից երգերով խանդավառեց ներկաները: Երգերուն երաժշտական գործիքաւորումը կատարած է տիար Սագօ Ադամեան:
Այնուհետեւ պաստառի վրայ ներկայացուեցաւ Հ. Հանրապետութեան Սփիւռքի նախարարուհի` Հրանոյշ Յակոբեանի սրտի խօսքը: Ան մեծապէս գնահատեց միութեան եւ վարժարանի 90ամեայ գործունէութիւնը եւ իր զօրակցութիւնը յայտնեց Հալէպի դժնդակ պայմաններուն մէջ ապրող եւ գործող հայութեան:
Ապա Նայիրի Օհանեան հոգեպարար առոգանութեամբ ասմունքեց Վահագն Դաւիթեանի «Ներբող Հայ Լեզուին» եւ «Հաւատում Եմ Քեզ Իմ Հայ Ժողովուրդ» քերթուածները:
Այնուհետեւ պաստառի վրայ ներկայացուեցան միութեան եւ վարժարանի գործունէութիւններէն յիշարժան ու հետաքրքիր պատկերներ, բեմավարներուն ներկայացուցած բացատրողական գիտելիքներուն հետ մէկտեղ:
«Շող» պարախումբի պատանիները բեմ բարձրանալով խանդավառ կերպով ներկայացուցին հայկական պար մը:
Ուրախանալի էր բեմավարին հանդիսաւոր յայտարարութիւնը, թէ միութեան կողմէ «Այնթապի Ասեղնագործութիւն» երկհատոր պատկերագիրքը մօտ օրէն պիտի հրատարակուի, հեղինակութեամբ` Տիար Հրազդան Թոքմաճեանի եւ 100ամեակի սեմին ան պիտի նուիրուի Հայոց Ցեղասպանութեան նահատակներու պայծառ յիշատակին:
Աւարտին բեմ հրաւիրուեցաւ Թեմիս Բարեջան Առաջնորդ` Գերշ. Տ. Շահան Սրբ. Արք. Սարգիսեան` փոխանցելու իր սրտի խօսքը: Ան մեծապէս գնահատեց գեղեցկօրէն պատրաստուած հանդիսութիւնը, որ մեզ վերյիշեցուց մեր երկրին եւ յատկապէս հայ համայնքին ծաղկուն ժամանակաշրջանը: Ան կարեւորելով հայ դպրոցին եւ մշակութային միութիւններուն դերը, նշեց թէ` Կրթասիրաց Մշակութային Միութիւնն ու Կրթասիրաց Ս. Չէմպէրճեան Երկրդ. վարժարանը, որպէս իւրայատուկ մշակութային միութիւն եւ կրթօջախ կեդրոնական դերակատարութիւն ստանձնած են 90 տարի շարունակ:
Շնորհաւորելով միութիւնն ու վարժարանը 90ամեակին առիթով սրբազան հայրը մաղթեց, որ անոնք իրենց առաքելութիւնը շարունակելու վճռակամութեամբ վերանորոգեն իրենց ուխտը: Այնուհետեւ սըրբազան հայրը ընթերցեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս` Ն. Ս. Օ. Տ. Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին օրհնութեան յատուկ գիրը, միութեան եւ վարժարանին 90ամեակին առիթով:
Հանդիսութիւնը փակուեցաւ «Պահպանիչ» աղօթքով:
Հանդիսութենէն ետք ներկաները բարձրացան վարժարանի «Փիւնիկ» սրահ, ուր տեղի ունեցաւ կարկանդակի հատում հայ երեք յարանուանութիւններու հովուապետներուն եւ Հ. Հ. Հալէպի Գլխաւոր Հիւպատոսին ներկայութեամբ: Հանդիպման ընթացքին խօսք առին եւ շնորհաւորական մաղթանքներ փոխանցեցին Արհիապատիւ Տ. Պետրոս Արք. Միրիաթեան, Վերապատուելի Յարութիւն Սելիմեան, Հ.Հ. Հալէպի Գլխաւոր Հիւպատոս Տիգրան Գէորգեան եւ վարժարանի տնօրէն` տիար Անդրանիկ Պօղոսեան:
Բարի երթ եւ նորանոր նուաճումներ Կրթասիրացի մեծ ընտանիքին: