Կայացաւ Լենա Բեգլարեանի Հեղինակային Երգերու Երկրորդ Երեկոն

Մոսկուաբնակ հայ հանդիսատեսը Լրագրողներու տան մէջ Մոսկուայի «Հայորդաց տան» «Ովսաննա» եւ «Նորահրաշ» երգչախումբերու գեղարուեստական ղեկավար Լենա Բեգլարեանի հեղինակային երգերը վայելելու հնարաւորութիւն ունեցաւ: Լենա Բեգլարեանին հայաստանեան հանդիսատեսը ծանօթ է «Իմ Հայաստան» փառատօնէն, ուր «Ովսաննայի» այցեքարտը եղած է Հ․ Սահեանի համանուն բանաստեղծութեան հիման վրայ գրուած «Գարունդ հայերէն է գալիս» անզուգական երգը: Եւ պատահական չէ, որ երաժիշտ-երգահանի հեղինակային երգերու երկրորդ երեկոն բացուեցաւ հէնց այդ երգով, իսկ հեղինակային երգերու առաջին երեկոն կայացած էր երեք տարի առաջ, հեղինակի մայրիկի կենդանութեան օրօք եւ նուիրուած էր անոր:
Լեփ-լեցուն դահլիճին մէջ հանդիսատեսը առաջին իսկ վայրկեաններէն ընկղմեցաւ երաժշտութեան գիրկը` վայելելով իւրաքանչիւր հնչիւնը: Աւելի քան երկու ժամ տեւած համերգին հնչեց Լենա Բեգլարեանի հեղինակային 24 երգ, որոնց մէկ մասը գրուած էր դասականներու բանաստեղծութիւններու հիման վրայ:
Համերգին ներկայ էին նաեւ «Հայորդաց տան» հոգեւոր տեսուչ Տէր Առաքէլ քահանայ Ամիրեան, տնօրէն Հմայեակ Գէորգեան, հանրակրթական № 285 դպրոցի տնօրէն Տատեանա Շմիտը, ուր Լենա Բէգլայեան եւս կը դասաւանդէ, «Հայորդաց տան» ուսուցչական անձնակազմը, սաները:
Յատկանշական է, որ երեկոյի կազմակերպման հարցին մէջ իրենց աշխոյժ մասնակցութիւնը ունեցած էին «Նորահրաշ» երգչախումբի աղջիկները: Հմայեակ Գէորգեանը, համերգային ծրագիրի աւարտէն ետք դիմելով ներկաներուն, կարեւոր եւ ողջունելի քայլ համարեց «Նորահրաշի» աղջիկներու այս նախաձեռնութիւնը, իսկ Լենա Բեգլարեանի` «Հայորդաց տան» մէջ յայտնուիլը «Օրհնուած վայրկեան» անուանեց: Որքան զարմանալի, նոյնքան ալ հաճելի էր հայերէնին չտիրապետող Տաթեանա Շմիտի կողմէ տիկին Բեգլարեանի մուտքը իրենց դպրոց կրկին «Օրհնուած վայրկեան» անուանելը: Գործընկերներու` իրարմէ անկախ Լենա Բեգլարեանի մուտքին տրուած նման գնահատականները կը խօսին տիկին Բեգլարեանի տաղանդի եւ անձնուէր աշխատանքի մասին: Ինչպէս համերգէն ետք մեզի հետ զրոյցին «Հայորդաց տան» ուսուցիչներէն Սիլվա Գիւլիշեան նշեց` պարզապէս անհնար էր չնկատել սաներու ոգեւորութիւնն ու նուիրումը տիկին Բէգլարեանին․ «Անոնցմէ իւրաքանչիւրը լեցուցած էր բեմը իր գեղեցկութեամբ եւ անկրկնելի ձայնով: Սաներու` հայ երգին ու երաժշտութեան նուիրուածութիւնը կը խօսի Լենա Բեգլարեանի կատարած աշխատանքի ահռելիութեան մասին»:
Լենա Բեգլարեան իր հերթին շնորհակալութիւն յայտնեց Ռուսաստանի եւ Նոր Նախիջեւանի Հայոց Թեմի առաջնորդ Տէր Եզրաս արքեպիսկոպոս Ներսիսեանին, որուն օրհնութեամբ հնարաւոր եղած է հիմնել «Հայորդաց տան» «Ովսաննա» եւ «Նորահրաշ» երգչախումբերը:
Համերգին աւարտին Տէր Առաքէլ քահանայ Ամիրեան, դիմելով ներկաներուն, ըսաւ․ «Լենա Բեգլարեանը պատասխանատու եւ պարտաւորեցնող քայլ է կատարել` երգի վերածելով մեր դասականների սիրուած ստեղծագործութիւնները: Որքան քայլը պատասխանատու է, կրկնակի անգամ դրանք ստացուած են եւ, արդէն այսօր կարելի է ասել, որ կը դիմակայեն ժամանակի փորձութեանը: Տիկին Բեգլարեան, թող Աստուած օրհնի Ձեզ եւ այս երեխաներին, որպէսզի այսօրուայ պէս` Ձեր ստեղծագոծութիւնները վայելելու հնարաւորութիւն ունենանք ոչ միայն մենք, այլեւ գալիք սերունդները, ոչ միայն հայ, այլեւ ռուս հանդիսատեսը, քանի որ այսօր դուք այստեղ ներկաներին երգի լեզուով պատմեցիք հայի եւ հայկականութեան մասին եւ նրանք այստեղից կը հեռանան հայ երաժշտութեամբ լցուած եւ ոգեւորուած»:
Արմինէ Կարէյեան, Մոսկուա