“Անատոլիայի Մէջ Հայկական Մշակութային Հետքերը” Խորագիրով Ձեռնարկ Սթամպուլի Մէջ
Մարդու իրաւունքներու շաբթուան ծիրէն ներս՝ Ռասիզմի եւ խտրականութեան դէմ պայքարի յանձնաժողովը Սթամպուլի մէջ ձեռնարկ պիտի իրականացնէ “Անատոլիայի մէջ հայկական մշակութային հետքերը” խորագիրով: Այս մասին կը տեղեկացնէ Armenpress.am-ը՝ վկայակոչելով թրքական Evrensel պարբերականը:
Դեկտեմբեր 15-ին կայանալիք ձեռնարկին ելոյթ պիտի ունենայ լրագրող, ճարտարապետ Զաքարիա Միլտանօղլուն: Վերջինս ձեռնարկին մասին ծանուցման մէջ հակիրճ ձեւով պատմած է հայկական թաղամասերու մասին, որոնց այն ժամանակ կ’անուանէին “կէաւուրի թաղամաս”: Ան նշած է, որ թաղամասերը բաղկացած էին վերին, ներքին եւ միջին շրջաններէ եւ պարտադիր այնտեղ եղած է հայկական շուկայ: Միլտանօղլուն ներկայացուցած է, որ 1915 թուականէն առաջ հայերը այս հողերուն վրայ ունէին շուրջ երկու հազար դպրոց եւ երեք հազար եկեղեցի, որոնք կը ներկայացնէին այդ թաղամասերու մշակութային հարստութիւնը: “Եւ երբ կը մտածենք այս ամէնուն մասին, ուղեղի մէջ կու գայ հետեւեալ հարցը. “ի՞նչ պատահեցաւ ասոնց”: Անատոլիայի այս թաղամասերուն մէջ այլեւ հայ չէ մնացած”,- նշած է Միլտանօղլուն: