Հրդեհ` Համազգայինի «Նշան Փալանճեան» Ճեմարանի Հիմնական Շէնքին Մէջ

Կիրակի կէսօրէ առաջ հրդեհ մը ծագեցաւ Պէյրութի Համազգայինի “Նշան Փալանճեան” ճեմարանին հիմնական շէնքին մէջ: Շէնքին առաջին յարկը գրեթէ ամբողջութեամբ հրկիզուեցաւ: Այս մասին կը հաղորդէ “Ազդակ” օրաթերթը:

Համազգայինի Կեդրոնական վարչութենէն տեղեկացուցին, որ շէնքին կառոյցին վնաս չէ հասած, վնասը հասած է միայն այդ յարկին մէջ գտնուող դպրոցական գոյքին եւ համակարգիչներուն: Այսօր կամ վաղը աւելի մանրամասն վնասուց գնահատում պիտի կատարուի:

Scroll Up