Համահայկական Մրցանակաբաշխութեան Ընդառաջ
Արդէն 5-րդ տարին է ՀՀ սփիւռքի նախարարութիւնը, Համաշխարհային հայկական կոնգրէսը եւ Ռուսաստանի հայերու միութիւնը համատեղ կ’իրականացնեն «Հայապահպանութեան գործին մէջ նշանակալի աւանդի համար» ամէնամեայ մրցանակաբաշխութիւնը: Այս տարի յայտադիմումներու ընդունման վերջնաժամկէտը Դեկտեմբեր 15-ն է:
«Սփիւռքի նախարարութեան 2014 թուականի ծրագիրներուն բաւականին մեծ թիւով սփիւռքահայերու մասնակցութեան պատճառով ստիպուած եղանք նախնական ժամկէտէն մօտ երկու ամիս յետաձգել «Հայապահպանութեան գործին մէջ նշանակալի աւանդի համար» մրցանակաբաշխութեան յայտերու ընդունման ժամկէտները»,-«Հայերն այսօրի»ն հետ զրոյցին ըսաւ ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան համահայկական վարչութեան գիտակրթական ծրագիրներու բաժինի պետ Սիրվարդ Համբարեան:
Այս տարուան մրցանակաբաշխութեան անուանակարգերը հետեւեալն են` «Մայրենիի պաշտպան», «Լաւագոյն ամէնօրեայ կրթօճախ», «Լաւագոյն լրատուամիջոց», «Մենք եղել ենք, մենք կանք, մենք կը լինենք» խորագիրով Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին նուիրուած «Յիշենք անցեալը` ապագան կառուցելու համար» թեմայով շարադրութիւններու, մանկական ստեղծագործութիւններու մրցոյթը:
Վերջինիս ժամկէտը աւելի յետաձգուած է: Ինչպէս նշեց տիկին Համբարեան, յայտերը պիտի ամփոփուին 2015 թուականի Մարտին, իսկ Ապրիլ 24-ի նախօրէին պիտի յայտարարուին արդիւնքները: Բոլոր անուանակարգերուն մէջ սահմանուած են 1-ին, 2-րդ, 3-րդ կարգի եւ խրախուսական մրցանակներ:
«Հայապահպանութեան գործին մէջ նշանակալի աւանդի համար» մրցանակաբաշխութեան նպատակը Սփիւռքի մէջ հայ ազգային ինքնութեան պահպանման ու զարգացման նպաստող կազմակերպութիւններու, առանձին անհատներու ունեցած ներդրումը, համայնքներու գործնէութիւնը յաւուր պատշաճի գնահատելն ու արժեւորելն է:
«Իբրեւ կանոն մրցանակաբաշխութիւնը տարիէ տարի բաւականին հետաքրքիր ծրագիր կը դառնայ: Կը խրախուսուին Սփիւռքի բոլոր այն կառոյցները, կրթամշակութային հաստատութիւնները, ուսուցիչները, կրթական գործի կազմակերպիչները, դպրոցներու ղեկավարները, հոգեւոր, ազգային, հասարակական կազմակերպութիւնները, գործարարները, բոլոր անոնք, որոնք ջանք ու եռանդ չեն խնայեր Սփիւռքի մէջ, լեզուամշակութային տարբեր միջավայրերու մէջ, տարբեր օրէնսդրական դաշտի մէջ, հայեցի կրթութեան ու դաստիարակութեան գործը կազմակերպելու: Չէ՞ որ ոչ բոլոր երկիրներն են, որոնք սիրայօժար կը համաձայնին օտար դպրոցներու գոյութեան: Մրցանակաբաշխութիւնը Սփիւռքի նախարարութեան խրախուսման հիմնական միջոցներէն մէկն է, իւրատեսակ խթան` հայապահպանութեան գործին նուիրուած մարդոց խրախուսելու համար, որոնք հայրենիքէն հեռու սերունդներ կը կրթեն, ազգային ինքնութեան օրէ օր թուլացող միջավայրի մէջ, ուր մշտական հաղորդակցութեան միջոցը օտար լեզուն է»,-նշեց Սիրվարդ Համբարեան:
Այս պահի դրութեամբ 7-8 երկրէ մօտ 50 յայտ ստացուած է: Տիկին Համբարեանի խօսքով իրենք կը սպասեն նոր յայտերու, տարածաշրջանները սկսած են լուրջ աշխատանք տանիլ, տեղեկատուական փաթեթներ ուղարկուած են կրթօճախներ, կազմակերպութիւններ` մրցանակաբաշխութեան մասնակցելու յորդորով:
«Վերջերս Գրասնոտարէն յայտադիմում մը ստացած էինք: Հոգիդ կ’ուրախանայ, երբ կը տեսնես, թէ տղամարդ ուսուցիչը ինչպէս կ’աշխատի հայկական դպրոցի մէջ: Երբ կը ծանօթանաս անոր աշխատելաոճին, մշակած ծրագիրներուն, քեզի համար պարզ կը դառնայ մարդու կատարած աշխատանքը, ստեղծագործական մօտեցումը, անոր հայրենասիրութիւնը, ազգասիրութիւնը, դուրսը հայուն հայ պահելու մեծ կարողութիւնը»-իր խօսքը եզրափակեց Սիրվարդ Համբարեան: