Մարտակերտի Մէջ Տեղի Ունեցած Է Համաբուժարանի Հիմնանորոգուած Շէնքի Բացման Արարողութիւնը

Այսօր` Դեկտեմբեր 13-ին, Մարտակերտ քաղաքին մէջ կայացած է շրջանային հիւանդանոցի համաբուժարանի հիմնանորոգուած շէնքի բացման հանդիսաւոր արարողութիւնը:

Մարտակերտի շրջանային «Ջրաբերդ» պաշտօնաթերթի ֆէյսպուքեան էջի հաղորդմամբ, բացման ներկայ էին ԼՂՀ նախագահ Բակօ Սահակեան, Արցախի թեմի առաջնորդ Պարգեւ արքեպիսկոպոս Մարտիրոսեան, վարչապետ Արայիկ Յարութիւնեան, բարերար Ռալֆ Եիրիկեան, գերատեսչութիւններու ղեկավարներ եւ պաշտօնատար այլ անձիք:

Ձեռնարկին շնորհաւորանքի խօսքով հանդէս  եկած է Մարտակերտի շրջանային հիւանադանոցի գործադիր տնօրէն Գագիկ Օհանեան, ԼՂՀ առողջապահութեան նախարար Յարութիւն Քուշկեան, բարերար Ռալֆ Եիրիկեան, Արցախի թեմի առաջնորդ Պարգեւ արքեպիսկոպոս Մարտիրոսեան: Համաբուժարանի շէնքի բացումը
խորհրդանշող կարմիր ժապաւէնը կտրելու պատիւը տրուած է ԼՂՀ առողջապահութեան նախարար Յարութիւն Քուշկեանին եւ «Ղարաբաղ Տելեկոմ» ՓԲ ընկերութեան բաժնետէր Ռալֆ Եիրիկեանին: Այնուհետեւ ԼՂՀ նախագահն ու միւս ներկաները շրջած են համաբուժարանի շէնքին մէջ եւ ծանօթացած անոր պայմաններուն:

Նշենք, որ համաբուժարանի նոր շէնքը, ուր կը  գործէ ախտորոշիչ, առաջին բուժօգնութեան, նեղ մասնագիտական, տեղամասային բուժական եւ մանկաբուժական եւ այլն ծառայութիւններ, կառուցուած է ԼՂՀ կառավարութեան եւ «Ղարաբաղ Տելեկոմ» ՓԲԸ-ի համաֆինանսաւորմամբ:

 

Scroll Up