Միջեկեղեցական Արարողութիւն Սրբոց Ղեւոնդեանց Մայր Տաճարին Մէջ

 Առաջնորդանիստ Սրբոց Ղեւոնդեանց Մայր տաճարին մէջ, Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 2ի երեկոյեան տեղի ունեցաւ տարեկան միջեկեղեցական աղօթքի արարողութիւն, որուն մասնակցեցան Լոս Անճելըսի շրջանի քոյր եկեղեցիներու եւ յարանուանութեանց հոգեւորականները: Այս մասին կը հաղորդէ «Ասպարէզը»:

Արարողութենէն առաջ, առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեանի գրասենեակին մէջ տեղի ունեցաւ մտերմիկ եւ հոգեւոր պահ մը, որուն ներկայ գտնուեցան արարողութեան մասնակցող կաթոլիկ, ուղղափառ եւ աւետարանական եկեղեցիներու հոգեւորականներ։ Ապա, հոգեւորականաց դասը առաջնորդուեցաւ դէպի տաճար՝ կատարելու համար միջեկեղեցական աղօթքի արարողութիւնը։

Կաթոլիկ եկեղեցւոյ առաջնորդարանի միջեկեղեցական յարաբերութեանց վարիչ հայր Ալեքսիս Սմիթ, իր բարի գալստեան խօսքին մէջ ներկայացուց արարողութեան ներկայ հոգեւորականները: Արարողութեան իրենց մասնակցութիւնը բերին Ճան վրդ. Պաքաս՝ հոգեւոր տեսուչը Սուրբ Սոֆիա Յոյն ուղղափառ տաճարի, դոկտ. Կայ եպս. Ըրուին՝ Լուտերական աւետարանչական եկեղեցւոյ Հարաւային Քալիֆորնիոյ առաջնորդը, պատուելի Սելի Ուելչ՝ Քրիստոսի Առաքեալներ եկեղեցիէն, վերապատուելի Յովսէփ Մաթոսեան՝ Հիւսիսային Ամերիկայի Հայ աւետարանական եկեղեցիէն, Թովմաս վրդ. Կարապետեան՝ Հայ կաթոլիկ եկեղեցիէն եւ հոգեւոր հովիւ Քենի Պրաուն՝ Ամերիկայի Լուտերական Աւետարանչական եկեղեցւոյ միջեկեղեցական յարաբերութեանց վարիչ։

Միջեկեղեցական արարողութեան երգեցողութիւնը կատարեց Սրբոց Ղեւոնդեանց տաճարի «Խաչատուրեան» երգչախումբը, ղեկավարութեամբ Ստեփան սրկ. Կէօզիւմեանի: Մասնակցեցաւ նաեւ Կլենտէյլի «Էտվենթիսթ» վարժարանի երգչախումբը, ղեկավարութեամբ Թիմըթի Հենսընի:

Կլենտէյլի «Էտվենթիսթ» բժշկական կեդրոնի նախագահ Քեւըն Ռապըրթ իր սրտի խօսքը ուղղեց հաւատացեալներուն:

Առաջնորդ Տէրտէրեանի հրաւէրով, օրուան գլխաւոր պատգամաբերն էր Լերի Քաւինես՝ Հարաւային Քալիֆորնիոյ Շաբաթապահներու համագումարի նախագահը: «Հոգւոց» աղօթքը արտասանուեցաւ տաճարի գլխաւոր բարերար հանգուցեալ Լեւոն Պարոնեանի հոգիին համար:

Արարողութեան վերջաւորութեան, առաջնորդի խորհրդածութեան նիւթը կը վերաբերէր Բարի Սամարացիի օրինակին:

Սրբազանը իր շնորհակալութիւնը յայտնեց հիւր հոգեւորականներուն՝ իրենց մասնակցութեան համար, ապա Կլենտէյլի «Էտվենթիսթ» հիւանդանոցին նուիրեց խաչքար մը:

Սրբազան հայրը իր յատուկ գնահատանքը յայտնեց հայր Ալեքսի Սմիթի, որ հինգերորդ տարին ըլլալով կը ստանձնէր հանդիսավարի պաշտօնը:

Միջեկեղեցական Արարողութեան աւարտին, հիւր հոգեւորականներն ու հաւատացեալները ներկայ գտնուեցան առաջնորդարանի «Զօրայեան» թանգարանի սրահին մէջ Սրբոց Ղեւոնդեանց Մայր տաճարի «Բարի Սամարացի» ընկերակցութեան կողմէ կազմակերպուած ապուրի եւ նկանակի հիւրասիրութեան:

0000ECUMENIC-SERVICE1-300x176 0000ECUMENIC-SERVICE12-300x176 0000ECUMENIC-SERVICE13-300x198

Scroll Up