Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդը Շնորհաւորեց Ազգ․ Քարէն Եփփէ Ճեմարանի Աշակերտներուն Յաղթանակը

Բերիոյ Հայոց ԹԵմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ․ Տէր Շահան Սրբ․ Արք․ Սարգիսեան, Դեկտեմբեր 9-ին  հանդիպում մը ունեցաւ Ազգ․ Քարէն Եփփէ Ճեմարանի 10-րդ կարգի այն աշակերտներուն հետ, որոնք Սուրիական Պետական Ողոմպիականի Հալէպի մակարդակով կայացած մրցոյթներուն առաջնարկարգ դիրքեր նուաճեցին անցնող օրերուն։ Այս մասին կը յայտնէ Հալէպի “Գանձասար”-ը։

Աշակերտութեան կ՛ընկերակցէին Ճեմարանի Տնօրէն Յակոբ Քիլէճեանն ու Ճեմարանի Խնամակալութեան ներկայացուցիչներ՝ դատախազ Շիրազ Սիսեռեան եւ երկրչփ․ Ժիրայր Միսաքեան եւ հայերէնաւանդ ուսուցչուհի Զեփիւռ Պապիկեան-Աւագեան։ Սրբազան հայրը բարձրօրէն գնահատեց աշակերտներուն յաջողութիւնն ու նկատել տուաւ, թէ այս յաղթանակը մեր բոլորին յաղթանակն է, յատկապէս գնահատելով ճեմարանի ուսուցչական կազմին եւ տնօրէնութեան բծախնդիր մօտեցումն ու աջալուրջ աշխատանքը, որուն արքասիքն է ճեմարանականներու այս յաղթանակը։

Յառաջիկայ հանգրուանին սոյն աշակերտները Ազգ․Քարէն Եփփէ Ճեմարանը պիտի ներկայացնեն Սուրիոյ մակարդակով Դամակոսի մէջ կայանալիք Սուրիական Գիտական Ողոմպիականին։
Նշեալ ճեմարանականներն են․
– Դալար Կտանեան, Գէորգ Մանուկեան (քիմիագիտութիւն)
– Ռաքէլ Շահինեան (բնագիտութիւն)
– Յարութ Գայապալեան (ուսողութիւն)
– Սարգիս Չափրազեան (համակարգչային գիտութիւն)

Scroll Up