Հայաստանի Եւ Վրաստանի Վարչապետները Հանդէս Եկած Են Յայտարարութեամբ

ՀՀ վարչապետ Յովիկ Աբրահամեանի գլխաւորած կառավարական պատուիրակութիւնը Վրաստանի վարչապետ Իրակլի Ղարիպաշուիլիի հրաւէրով պաշտօնական այցով կը գտնուի Վրաստանի մայրաքաղաք Թիֆլիսի մէջ: Երկու երկիրներու վարչապետներու առանձնազրոյցէն եւ պաշտօնական պատուիրակութիւններու ընդլայնուած կազմով բանակցութիւններէն ետք վարչապետներ Յովիկ Աբրահամեան եւ Իրակլի Ղարիպաշուիլին Վրաստանի կառավարութեան մամլոյ կեդրոնին մէջ հանդիպած են զանգուածային լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչներուն եւ հանդէս եկած բանակցութիւններու արդիւնքները ամփոփող յայտարարութեամբ: Այս մասին կը յայտնեն ՀՀ կառավարութեան մամլոյ ծառայութենէն:
Ստորեւ կը ներկայացուի Հայաստանի եւ Վրաստանի վարչապետներու յայտարարութիւնները ամբողջութեամբ.
ՀՀ վարչապետ Յովիկ Աբրահամեան – Քիչ առաջ աւարտեց Վրաստանի վարչապետ, յարգարժան պարոն Իրակլի Ղարիպաշուիլիի հետ հանդիպումը, որ անցաւ շատ ջերմ եւ բարեկամական մթնոլորտի մէջ: Վերահաստատելով երկու երկիրներու միջեւ առկայ ամուր բարեկամական կապերը եւ պատրաստակամութիւնը` ալ աւելի զարգացնելու առկայ յարաբերութիւնները, քննարկեցինք երկուստեք հետաքրքրութիւն ներկայացնող հարցերու լայն շրջանակ, որոնք կը վերաբերէին առեւտրատնտեսական յարաբերութիւններուն, ենթակառուցուածքներու զարգացման, փոխադրամիջոցի կապի բարելաւման, մարդասիրական եւ մշակութային կապերու խորացման:
Յատուկ ընդգծուեցաւ հայ-վրացական միջկառավարական յանձնաժողովի գործունէութեան կարեւորութիւնը եւ կանոնաւոր հանդիպումներու անհրաժեշտութիւնը, որ երկու երկիրներու առեւտրատնտեսական յարաբերութիւններու փոխշահաւէտ զարգացման լաւագոյն միջոցն է: Շահագրգիռ քննարկումներ կայացան ենթակառուցուածքներու զարգացման եւ փոխադրամիջոցի կապի բարելաւման հետ կապուած հարցերու շուրջ: Մանրամասն քննարկուեցաւ սահմանային անցակէտերու արդիականացման խնդիրը, մասնաւորապէս, Բագրատաշէն-Սատախլօ անցակէտին նոր` Բարեկամութեան կամուրջի շինարարութեան հարցը, որուն համար շնորհակալ եմ Վրաստանի վարչապետին: Մեծապէս կարեւոր համարուեցաւ Վերին Լարս սահմանային անցակէտի անխափան գործունէութիւնը: Ուժանիւթի ոլորտին մէջ կարեւոր համարուեցաւ Հայաստան-Վրաստան 400 քիլովոլթ լարման ելեկտրահաղորդման գիծի կառուցումը: Զբօսաշրջութեան
զարգացման առումով ընդգծուեցաւ Երեւան-Թիֆիլիս, Երեւան-Պաթումի կանոնաւոր չուերթներու իրականացման անհրաժեշտութիւնը: Երկուստեք կարեւոր համարուեցան նաեւ պատմամշակութային հարուստ ժառանգութեան պահպանման եւ վերականգնման խնդիրը: Ամփոփելով խօսքս` կրնամ նշել, որ բանակցութիւնները ընթացան բարեկամ երկիրներու բնորոշ ջերմ եւ կառուցողական մթնոլորտի մէջ: Օգտուելով առիթէն` եւս մէկ անգամ կը ցանկամ շնորհակալութիւն յայտնել իմ գործընկերոջ հրաւէրին եւ ջերմ ընդունելութեան համար:
Վրաստանի վարչապետ Իրակլի Ղարիպաշուիլի – Կը ցանկամ նշել, որ ընթացիկ տարին Վրաստանի եւ Հայաստանի յարաբերութիւններու հարցին մէջ առանձնապէս աչքի կ’իյնայ աշխոյժ ընթացքով: Օգոստոսին պաշտօնական այցով կը գտնուէի Հայաստանի մէջ: Այցի ժամանակ մենք քննարկեցինք մեր երկիրներու միջեւ
յարաբերութիւններու լայն շրջանակ եւ նախանշեցինք ատոնց յետագայ զարգացման հեռանկարները: Այսօրուան հանդիպումը մեր ընդհանուր շահերուն հետ կապուած հարցերու շուրջ Երեւանի մէջ սկսած երկխօսութեան շարունակութիւնն է:
Մենք նշեցինք, որ Հայաստանի եւ Վրաստանի միջեւ գոյութիւն ունին սերտ յարաբերութիւններ ` եւ´ քաղաքական, եւ´ տնտեսական, եւ չնայած անոր, որ Յունուարէն Հայաստան կը դառնայ Եւրասիական տնտեսական միութեան անդամ, իսկ Վրաստանը ստորագրած է Եւրոմիութեան հետ Ասոցացման մասին համաձայնագիր, ատիկա մեր յարաբերութիւններուն վրայ պիտի չազդէ. ընդհակառակը, մենք ատիկա պիտի կիրառենք մէր երկիրներու շահերուն համար: Մենք առանձնայատուկ ուշադրութիւն կը դարձնենք երկու երկիրներու միջեւ գոյութիւն ունեցող առեւտրային կարգի պահպանման եւ տնտեսական յարաբերութիւններու յետագայ զարգացման: Կը ցանկամ նշել նաեւ, որ այսօրուան հանդիպումը մէկ անգամ եւս հաւաստեց, որ Հայաստանի եւ Վրաստանի` իբրեւ բարեկամ երկիրներու միջեւ կայ կամք` ալ աւելի զարգացնելու մեր փոխշահաւէտ յարաբերութիւնները: Մենք այսօր հաւաստեցինք, որ մէկ կամուրջ պիտի կառուցուի, որ անուանեցինք Բարեկամութեան կամուրջ: Շնորհակալութիւն Հայաստանի վարչապետին եւ պատուիրակութեան Վրաստան կատարած այցին համար: