Կ’աշխուժանայ Գիւմրիի «Շիրակ» Օդակայանի Աշխատանքը
Այսօր տեղի ունեցած է ՀՀ կառավարութեան հերթական նիստը, որ վարած է ՀՀ վարչապետ Յովիկ Աբրահամեան:
Կառավարութեան հաւանութիւնը ստացած է «Պետական տուրքի մասին» օրէնքին մէջ լրացում կատարելու մասին» օրէնքի նախագիծը, որմով կ’առաջարկուի Գիւմրիի «Շիրակ» օդակայանի ուղեւորներուն ազատել ելքի համար պետական տուրքի վճարումէն, որ պիտի խթանէ ուղեւորահոսքի աւելացումը: Այսպիսով, կառավարութեան ղեկավարի դիտարկմամբ, կը խրախուսուի Գիւմրիի օդակայանի աշխատանքի արդիւնաւէտութիւնը:
Այս մասին կը տեղեկացնեն ՀՀ կառավարութեան մամլոյ ծառայութենէն: