Պարով Ու Երգով Կեանքը Կ՛եռայ ՀՕՄի «Սիփան» Շաբաթօրեայ Վարժարանէն Ներս

ՀՕՄի «Սիփան» Շաբաթօրեայի երգչախումբը ելոյթ պիտի ունենայ ՀՕՄի տարեկան փառատօնին, որ տեղի պիտի ունենայ Դեկտեմբեր 20ին՝ Կլենտէյլի «Սիվիք Օտիթորիում»էն ներս: Այս մասին կը հաղորդէ «Ասպարէզը»:

Երգչախումբը, ղեկավարութեամբ Լուսինէ Մելիքսէթեանին, պիտի կատարէ շարք մը տօնական եւ ազգային երգեր:

ՀՕՄի «Սիփան» մասնաճիւղի շաբաթօրեայ վարժարանը կը շարունակէ ընդունիլ նոր աշակերտներ: Ներկայիս դպրոցը կը յաճախեն աւելի քան 75 աշակերտներ: Վարժարանը ունի իր աշակերտական պարբերաթերթը՝ «Շաբաթօրեայ Լրաբեր» անունով եւ շուտով, պարախումբին զուգահեռ ոտքի պիտի ելլէ իր երգչախումբը, ղեկավարութեամբ Լուսինէ Մելիքսէթեանի: Յաւելեալ տեղեկութիւններու համար կարելի է դիմել հետեւեալ թիւին՝ 818 261-8647 կամ ե-նամակով՝ alinehekiat@yahoo.com.

Scroll Up